Սահմանադրութենէն Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին յղումը հանելու աղմկոտ քննարկումներէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6 Մարտին հանդիպում ունեցաւ Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդին հետ: Խորհուրդի անդամ Դանիէլ Իոաննիսեան յայտնեց, որ օրակարգի վրայ հռչակագիրի հարցն ալ կար: «Միակ բանն այն է, որ սա պէտք է քննարկել», ըսաւ ան:
Փաշինեան, ըստ «Ազատութեան», այլաբանութեամբ բացատրեց, որ «հռչակագիրը Սահմանադրութիւնում թողնելը վտանգաւոր է»: Յիշենենք, որ Պաքուէն եւս Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջ հնչեց` Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային նկրտում տեսնելով անոր մէջ, իսկ հայ պաշտօնատարներ յայտարարեցին, թէ օրէնսդրութիւնը փոխելը Հայաստանի ներքին գործն է:
Հռչակագիրին մասին քննարկումները սկսան Յունուարին: Փաշինեան խորհուրդի անդամներուն հետ հանդիպում ունեցաւ անցեալ շաբաթ, բայց այդ մասին պաշտօնապէս ոչինչ հրապարակուեցաւ: «Քննարկուեց Սահմանադրութեան թէ նախաբանը, թէ հռչակագիրը, բայց որեւիցէ բան չենք որոշել», ըսաւ Իոաննիսեան:
Թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը կոշտ կերպով քննադատեց Անկախութեան հռչակագիրին վերաբերեալ իշխանութեան մեկնաբանութիւնները: Անոնք պնդեցին, թէ անիկա ո՛չ խաղաղութեան պայմանագիրը կը խոչընդոտէ, ոչ ալ պատերազմի սպառնալիք է, այլ՝ Պաքուի պահանջ մը:
Ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի պատգմաւոր Արծուիկ Մինասեան կասկածելի կը նկատէ այն, որ իշխանութիւնը պիտի ընդունի սխալը եւ հանգիստ ձգէ Անկախութեան հռչակագիրի թեման: «Ես խիստ կասկածում եմ, որ իրենք այդքան կամք ու վճռականութիւն ունենան` ընդունելու իրենց սխալները, հասկանալու, որ չի կարելի մեր պետականութեան հիմքը հանդիսացող սկզբունքները, պատմաիրաւական-քաղաքական հանգամանքները ուրանալ, մոռանալ կամ մի կողմ թողնել, թէ ինչ է` ինչ-որ անձ կամ կենտրոններ, ուժեր պահանջում են», ըսաւ ան:
Փաշինեանի հետ հանդիպումներ դարեալ տեղի պիտի ունենան, ըսաւ Իոաննիսեան՝ աւելցնելով, որ հանրաքուէն խիստ անորոշ է, ոչ այս, ոչ ալ միւս տարի հաւանական է անիկա: «Ցաւօք սրտի, Հայաստանն այն վիճակում չէ, որ կարողանայ հանրային ուշադրութիւնը գրաւել սահմանադրական բարեփոխումների վրայ», եզրափակեց Իոաննիսեան: