Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածեց յայտարարութիւն մը` մանրամասնութիւններ ներկայացնելով նախօրէին տեղի ունեցած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հեռաձայնային զրոյցին մասին։
«Նախարարները քննարկեցին երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդիական հարցերը, որոնց կարգին՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, ինչպէս նաեւ փոխգործակցութիւնը ընդհանուր համարկման միաւորումներու ծիրին մէջ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
Ասոր զուգահեռ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ ինք վստահ է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ ներկայ դժուարութիւնները պիտի յաղթահարուին եւ ընդգծեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը միանգամայն փոխշահաւէտ է:
«Ամէնէն մօտիկ դրացիները կրնան ունենալ շրջան մը, երբ յարաբերութիւնները կրնան սրիլ, սակայն ասոր համար անհրաժեշտ է քաղաքական կամք, զոր մենք ունինք. կառուցողականութիւն եւ հեռատեսութիւն, երկու երկիրներու ղեկավարներու քաղաքական հեռատեսութիւնը. մենք այդ մէկը եւս ունինք: Առ այդ, վստահ եմ, որ այս բոլոր դժուարութիւնները պիտի անցնին», շեշտեց ան։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 6 Մարտին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Արեւմուտքի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն՝ շեշտելով, որ Հայաստան կրնայ դառնալ «Արեւմուտքի զոհը` գայթակղած եւ խաբուած»:
«Երեւանի որոշ քաղաքական գործիչներ Հայաստանի հանդէպ Եւրոպական Միութեան յանկարծակի աւելցած ուշադրութիւնը կ՛ընկալեն իբրեւ դարման կամ խայծ: Մենք պէտք է աւելի խորը նայինք: Դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ շարք մը քաղաքական գործիչներ նոյնիսկ չեն մտածեր, որ Հայաստան կը վերածուի արեւմտեան աշխարհաքաղաքականութեան գործիքի, արեւմտեան զուարճանքի», ըսաւ Զախարովա:
Ըստ անոր՝ Հայաստան Արեւմուտքին համար կը դառնայ ընդամէնը յենակէտ մը՝ Հարաւային Կովկաս մտնելու համար: Զախարովա կատարեց համեմատութիւններ շարք մը երկիրներու հետ եւ ըսաւ, որ Արեւմուտքը գեղեցիկ խոստումներ կու տայ, բայց զանոնք չի կատարեր եւ այս կամ այն երկիրը կը ձգէ աւերակներու մէջ, ինչպէս է Ուքրանիոյ պարագային։
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայաստան տակաւին չէ արձագանգած մտահոգութիւնները փարատելու նպատակով միջգերատեսչական խորհրդակցութիւններ ունենալու՝ Ռուսիոյ առաջարկին։
«Նախապէս մենք առաջարկած էինք, որ հայ դաշնակիցներուն հետ տեղի ունենան միջգերատեսչական խորհրդակցութիւններ, որպէսզի առարկայօրէն քննարկուին եւ լուծուին մտահոգութիւնները. տակաւին պատասխան չկայ։ Անոնք մեր նախաձեռնութեան չ՛արձագանգեցին տակաւին», նշեց Զախարովա։