
Վեց նմանակ տիեզերագնացներ մինչեւ 5 Ապրիլ մեկուսացած պիտի մնան Հայաստանի Արմաշ գիւղին մէջ կառուցուած տիեզերակայանի նմանակին մէջ` ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար:
«Արմէնփրէս»ի լրագրող Կարինէ Տէրտէրեան զրուցեց տիեզերագնացներու նմանակներուն հետ։
Աւստրիական տիեզերական ֆորումը 3 տարին անգամ մը կը կատարէ AMADEE Հրատի (Mars) նմանակային գիտական առաքելութիւնը, որուն նպատակը դէպի Հրատ իրական առաքելութեան պատրաստուիլն է:
Կարմիր մոլորակի հետազօտութիւնը եւ տիեզերագնացները կը կոչուին նմանակներ, որովհետեւ իրականութեան մէջ ոչ ոք Հրատ պիտի երթայ, այլ անոնք փորձառութիւն պիտի շահին։


«Ես գիտեմ, որ մենք շատ սխալներ պիտի ընենք, այդ նպատակով ալ մենք հոս ենք։ Մեր նպատակը ձախողիլն է, կարելի եղածին չափ շատ եւ աժան: Հաւաքել արագութիւն եւ աճիլ», ըսաւ Աւստրիական տիեզերական ֆորումի տնօրէն Կերնոթ Կրէօմեր:
2013ին, նմանակային առաքելութիւնը կատարուեցաւ Մարոքի մէջ, 2015ին` Աւստրիոյ, 2018ին` Օմանի եւ 2021ին` Իսրայէլի Նեկեւ անապատին մէջ: 2024ի թեկնածու երկիրներու շարքին եղած են նաեւ Աւստրալիան, Եգիպտոսն ու Թունիսը. հիւրընկալող երկիր ընտրուեցաւ Հայաստանը:
«Ըսեմ, որ մեր ռատարներուն մէջ Հայաստանը չկար, բայց մտածեցինք նայիլ, հետազօտեցինք արբանեակային նկարները, տեղւոյն վրայ ուսումնասիրեցինք: Պարզեցինք, որ Հրատի նմանութեան շատ տեղեր կան եւ որոշեցինք, որ ասիկա իսկապէս հրաշալի ընտրութիւն է», ըսաւ Կրէօմեր։
AMADEE-24 առաքելութեան հայկական կողմի նախաձեռնող խումբի անդամ Հայկ Ասլանեան յայտնեց, որ Հրատի ծրագիրի տիեզերակայանին համար յարմար վայր փնտռուած է Արագածոտնի, Կոտայքի եւ Արարատի մէջ, իսկ կեդրոնացումը եղած է Արմաշի վրայ: Ըստ անոր՝ հոնկէ օտար տիեզերագնացներուն համար դէպի Արարատ հիանալի տեսարան կը բացուի: «Մարս առաքելութիւն ուղարկելը քաղաքակրթութեան յաջորդ աստիճանի սկիզբն է: Սա մեծ հնարաւորութիւն է մեր գիտնականների համար, կարող են կապեր հաստատել եւրոպացի գիտնականների հետ: Դպրոցականներն էլ կը սկսեն աւելի մեծ երազել», նշեց Ասլանեան:


Նմանակ տիեզերագնաց Սիմոնէ Փեփերնոսթրըն, որ AMADEE-24 վեց հոգինոց խումբի անդամներէն է, ընդգծեց, որ առաքելութեան հիմնական նպատակը գիտելիք եւ փորձառութիւն ձեռք բերելն է:
«Մենք պէտք է կարենանք խթանել տիեզերական հետազօտութեան հայեցակարգը, որովհետեւ տիեզերական հետազօտութիւնը դժուար է իրական ժամանակի մէջ իրականացնելը: Այսպիսի առաքելութիւններ պէտք է շատ տեղի ունենան` ներգրաւելով լրատուամիջոցները` յուսալով, որ հետաքրքրական կերպով կը ներկայացուի մեր ըրածը: Այսպիսով` ապագայ սերունդը դպրոցներուն մէջ նոր դասընթացքներու կարելիութիւն կ՛ունենայ: Հետաքրքրութիւն կը ծնի գիտութեան եւ արհեստագիտութեան նկամամբ», ըսաւ ան։
Խումբի այլ անդամ մը՝ Թոմաս Վէյնըն, նշեց, որ վաղուց ուզած է Կարմիր մոլորակը ուսումնասիրելու գործընթացի մասնիկ ըլլալ: Իսկ առաքելութեան մասնակցիլը հրաշալի կարելիութիւն է իր երազին աւելի մօտիկ գտնուելու ճամբուն վրայ: Ան երիտասարդ սերունդին հաստատակամ խորհուրդ կու տայ՝ հետեւելու երազներուն: Հայաստանի մասին ալ ան շատոնց լսած էր։
«Ես լսած եմ, որ Հայաստան ունի ներդրում աստղագիտութեան ոլորտին մէջ: Լսած եմ Վիկտոր Համբարձումեանի մասին եւ ծանօթ եմ անոր: Նաեւ գիտեմ, որ Հայաստան ներդրում ունի առաջին հրատագնացի (Rover) կառուցման եւ ձեւաւորման մէջ: Կը կարծեմ, որ ասոնք ազդեցիկ պատմութիւններ են», ըսաւ Վէյնըն:



Յստակ չէ, թէ ե՛րբ մարդ մը ոտք պիտի դնէ կարմիր մոլորակին վրայ, բայց մասնագէտները գիտեն, որ պատմական այդ օրը շատ հեռու չէ: Անոնք վստահ են, որ եթէ իրենք չըլլան առաջին հրատագնացները, կը տեսնեն այն անձը, որ առաջին անգամ ոտքը պիտի դնէ այդ մոլորակին վրայ:
«Հրատի վրայ առաջինը ոտք դնող մարդը արդէն ծնած է եւ հիմա թերեւս Երեւանի մէջ դպրոց կը յաճախէ: Ո՞վ գիտէ: Դէպի Հրատ տանող ճամբուն մէկ մասը պիտի ըլլայ կարմիր-սպիտակ-կարմիր` ինչպէս Աւստրիոյ դրօշակը, բայց մէկ մասն ալ պիտի ըլլայ կարմիր-կապոյտ-նարնջագոյն` ինչպէս Հայաստանի դրօշակը», եզրափակեց Աւստրիական տիեզերական ֆորումի տնօրէնը:
Այսպիսով Հրատ տանող ճամբու առաջին քայլերը կ՛առնուին Հայաստանի մէջ, կը գրէ լրագրող Կարինէ Տէրտէրեան։