Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան 13 Մարտին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սահմանագծման եւ սահմանազատման երեւոյթը կը ծառայէ յստակօրէն ընդգծելուն այն սահմանագիծը, որմէ այս կողմ Հայաստան է, այն կողմ՝ Ատրպէյճան։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Տաւուշի մարզին մէջ ո՞րն է այդ սահմանագիծը՝ Սանոսեան յստակ պատասխան չտուաւ: «Կայ որոշակի սահմանագիծ, բայց սահմանազատման յանձնաժողովները պէտք է աշխատեն հասկանալ` որ քարտէզով են աշխատում, այն իրաւական հիմքը, որով այդ գիծը յստակ կը գծուի», ըսաւ ան:
Սանոսեան աւելցուց, որ Տաւուշի 4 գիւղերը, զորս Ատրպէյճան կը պահանջէ, Հայաստանի վարչական տարածքին մէջ չեն գտնուիր, նոյն ատեն տեղեկացնելով, որ հայկական կողմն ալ կը շարունակէ պահանջել իր 31 գիւղերը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան օր մը առաջ յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճանի պահանջած 4 գիւղերը ` Բաղանիս Այրում, Աշաղը Ասքիփարա, Խէյրիմլի եւ Ղըզըլհաջիլի, Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն, իրաւականօրէն Հայաստանի տարածքին մէջ չեն: Ան նաեւ յայտարարած էր, որ Երեւան պատրաստ է հատուածական սահմանագծման` առանց բացառելու, որ գործընթացը սկսի Տաւուշի մարզէն:
Սակայն, երեքուկէս ժամ տեւած ասուլիսին ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Հայաստանի տարածքներուն, որոնց կարգին 31 գիւղերու վերադարձին մասին Փաշինեան որեւէ յստակ յայտարարութիւն չկատարեց: