
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն թեմիս երկար տարիներու բարերար եւ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկապարտէզի գլխաւոր բարերար ՌԱԼՖ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 11 Մարտ 2024ի առաւօտուն, իր բնակարանին մէջ:
Հանգուցեալը երկար տարիներու ազգանուէր ծառայութիւն ունի մեր թեմին մէջ: Ան եղած է Հայ Կրթական հիմնարկի կարկառուն անդամներէն, վարչականներէն եւ անոր մնայուն բարերարներէն, քանիցս որակուելով նաեւ իբրեւ Հիմնարկի Տարուան մարդը, ինչպէս նաեւ իր հանգուցեալ կնոջ՝ Սավիին հետ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-մանկապարտէզի գլխաւոր բարերարները՝ ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ որդւոյն՝ Ռիչըրտին: Հանգուցեալը իր ազգանուէր նկարագիրով, հայրենիքի թէ Սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու ի նպաստ կատարած բարերարութիւններուն համար արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան »Կիլիկեան Իշխան« շքանշանին, ձեռամբ՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, 18 Հոկտեմբեր 1993ին:
Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն՝ Սանտրա եւ Փօլ Քալեմքէրեաններուն, Կրէկ եւ Գարոլին Թիւֆէնքեաններուն, թոռներուն, համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ