Միացեալ Նահանգները կը վերահաստատէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան ձեռքբերման՝ իր յանձնառութիւնը: Այս մասին նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած իր ուղերձին մէջ։
Պայտըն Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին կողմէ շնորհաւորեց Ալիեւը Նովրուզին առիթով՝ գրելով. «Միացեալ Նահանգները դարձեալ կը վերահաստատէ իր շարունակական հաւատարմութիւնը մեր երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ձեռքբերման, որ պիտի նպաստէ հետագայ սերունդներուն համար շրջանին մէջ ապահովութեան հաստատման»:
Ան նաեւ փափաք կը յայտնէ՝ Ալիեւի հետ շրջանային կապերու խթանման եւ տնտեսական զարգացման ընդլայնման ուղղութեամբ աշխատելու։