11էն 12 Մարտ 2024ին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան Հիմնարար իրաւունքներու համաժողովին (Fundamental Rights Forum 2024) ՀՅԴ Երիտասարդականը ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի Արտաքին յարաբերական յանձնախումբի անդամ Յակոբ Սահակեան: Համաժողովի զանազան նիստերու եւ միջոցառումներու ընթացքին մասնակցողներուն մօտ Արցախի հիմնախնդրին եւ արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու իրազեկութեան մակարդակը բարձրացաւ, ինչպէս նաեւ շարք մը հանդիպումներ կատարուեցան եւրոպական զանազան երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Եւրոպայի Երիտասարդական համաժողովի նախագահին հետ:
Համաժողովը առիթ էր նաեւ եւրոպական շրջանակներուն մօտ ՀՅԴ Երիտասարդականի յարաբերական դաշտը ընդլայնելու:
Նշենք, որ Համաժողովին ներկայ էին Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Խորհուրդի բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներ, եւրոպական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ընկերութիւններու, երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ համալսարաններու առաւել քան 700 ներկայացուցիչներ:
Համաժողովը խտացուած յայտագիրով քննարկեց Եւրոպայի մարդկային իրաւանց մարտահրաւէրները եւ անոնց լուծումները՝ երեք ընդհանուր վերնագիրներով.
1. Եւրոպայի մէջ պաշտպանել ժողովրդավարութիւնը եւ քաղաքացիական իրաւունքը (Protecting democracy and civic space in Europe),
2. Ձեւաւորել ընկերային եւ կենսոլորտի շրջագիծերուն մէջ կայուն Եւրոպա մը(Shaping a socially and environmentally sustainable Europe),
3. Ապահովել օրէնքի եւ իրաւունքի ենթակայ թուայնացում (Ensuring right-compliant digitalisation)։
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ