Ազգային ժողովի Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն խորհրդարանական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին, նախարար Ժաննա Անդրէասեան յայտարարեց, որ «Նեթֆլիքս»ի համար ժապաւէններ նկարահանելու գծով յուշագիրներ ստորագրուեցան։
Ըստ անոր՝ շարժապատկերի միջազգային փառատօներուն հայկական մասնակցութիւնը աւելցած է 74 տոկոսով:
«Մեր 10 ֆիլմերը, որոնք մասնակցել են 110 կինոփառատօների, ստացել են 28 մրցանակներ», ըսաւ նախարարը:
Անդրէասեան ընդգծեց, որ այս բնագաւառը հետագայ զարգացման հսկայական ներուժ ունի: