

Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք՝ 15 Մարտ 2024ին, Մարսէյի մէջ, քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ որոշումով (հայ համայնքին առաջարկով եւ գործակցութեամբ) բացումը կատարուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին: Բացման թուականը յատկանշական է անշուշտ եւ զուգադիպութիւն չէ՝ Թալէաթի զգետնման օրը։
Քաղաքակական պաշտօնական բազմաթիւ անձնաւորութիւններու եւ մեծաթիւ հայորդիներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած այս արարողութեան ֆրանսերէնով խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, որ կատարելէ ետք Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր ժողովի կողմէ որոշուած, ապա նաեւ երեք տարիներու վրայ կատարուած «Նեմեսիս» գործողութեան ամբողջ պատմականը, ըսաւ. «Սիրելի՛ բարեկամներ, ի՞նչ պիտի ըսէր Սողոմոն Թեհլիրեան, եթէ այսօր մեր մէջ ըլլար։ Ես ինծի յաճախ այս հարցը կու տամ։
Եւ ես, հաստատօրէն համոզուած եմ, որ 15 Մարտ 2024ին, անոր ուղերձը պիտի ըլլար հետեւեալը. «Այս մութ օրերուն, երբ վտանգը համատարած է մեր ամբողջ ազգին համար, երբ այնքան արիւն թափած է, երբ մեր հերոսներով լեցուն է մեր սրբավայր Եռաբլուրի պանթէոնը, եւ անոնք տակաւին չեն կրնար գտնել իրենց հանգիստը, Հայաստանի իշխանութիւնները կը համարձակին «բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել եւ արագօրէն բանալ սահմանները Էրտողանի Թուրքիոյ հետ, մեր ժամանակներու ամէնէն վատ բռնապետին հետ։ Մինչ արցախցի մեր հայրենակիցները կը հալածուին իրենց պապենական հողերէն, նոր գաղթականութեան կ՛ենթարկուին, թշնամի Ատրպէյճան կը գրաւէ անոնց տուները եւ հողերը, կը քանդէ այն ամէնը, ինչը անոնք կառուցած են, այս նոյն իշխանութիւնը կը համարձակի խօսիլ Ալիեւ դահիճին հետ հաշտութեան պայմանագիրի մը մասին։ Ի՞նչ եւ ո՞ր խաղաղութեան մասին է խօսքը։ Այն պետութեան, որ սահմանին վրայ կը շարունակէ իր սպառնալիքները՝ ամէնօրեայ յարձակումները բազմապատկելո՞վ։ Կամ այն պետութեան հետ, որ երէկուան եւ այսօրուան մեր թշնամին է եւ, որ կ՛ուզէ որ մենք ընդմիշտ անհետանա՞նք։ Մինչեւ այն ատեն, երբ թուրք-ատրպէյճանցի այս երկու եղբայրները կը շարունակեն իրենց սպառնալիքները եւ չեն արտօներ, որ հայ ժողովուրդը խաղաղ ապրի իր պապենական հողերուն վրայ՝ Ո՛Չ հաշտութիւն, Ո՛Չ պայմանագիր, Ո՛Չ խաղաղութիւն կարելի է նախատեսել։ Միակ պայմանագիրը, զոր մենք կը ճանչնանք` Սեւրի դաշնագիրն է, եւ միայն Թուրքիոյ կողմէ զայն կիրարկելու պարագային է, որ կրնան սկսիլ յարաբերութիւնները` Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ»։ Ահա թէ ի՛նչ կը յայտարարէր մեր ազգային հերոս Թեհլիրեան, եթէ մեր մէջ գտնուէր այսօր»: