Քանի մը տասնեակ կազմակերպութիւններ ընդգրկող Բարոյագիտութեան դիտորդ մարմինը Հանրային հեռարձակողի դիմումին հիման վրայ եզրակացուց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հարցազրոյցին մասին Հանրային ռատիոյի տնօրէն Գարեգին Խումարեանի յօդուածին մէջ լրագրողական բարոյագիտութեան եզրերու խախտում չկայ:
Ըստ Դիտորդ մարմինի անդամ, Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Աշոտ Մելքիեանի՝ այս կարծիքը որեւէ կտրուկ բնոյթ չունի, իսկ թէ ինչ ազեդցութիւն պիտի ունենայ անիկա կողմերուն վրայ, չի կրնար ենթադրել։
Հանրային հեռարձակողի խորհուրդը առաւել քան ամիս մը առաջ պնդեց, որ Հանրային ռատիոյի տաղաւարին մէջ Փաշինեանի հարցազրոյցին իր տեսակէտները հակադրած Խումարեան առերեւոյթ չարաշահած է իր լիազօրութիւնները, հետեւաբար, իրենք քննութեան պիտի ենթարկեն Խումարեանի գործողութիւններու համապատասխանութիւնը բարոյագիտական եւ իրաւական եզրերուն:
Սահմանադրութիւն եւ Անկախութեան հռչակագիր փոխել-չփոխելու հետեւանքներուն մասին խօսած էր Փաշինեան՝ փոխաբերական ձեւակերպումներով` կարմիր հագուստի եւ ցուլերու օրինակներ բերելով:
«Շատ հեշտ է ոչինչ չանել, իսկ յետոյ ասել, թէ ցլերն ուժեղ են: Եկէք հանուենք: Գուցէ այդպէս նրանք մեզ ոտատակ չտան: Անցած շաբաթ այս տաղաւարում մեզ առաջարկուել է դադարել լինել այն, ինչ ենք: Մեզ ասուել է`թուրքերն ուժեղ են, հայերը` թոյլ», իր յօդուածին մէջ գրած է Խումարեան` եզրակացնելով, որ այս հաւաքաբանութիւնը պիտի աւարտէր՝ «եկէք ուժեղանանք» եզրակացութեամբ, անոր փոխարէն հնչեց «եկէք դադարենք հայ լինելուց»ը:
Հանրային ռատիոյի տնօրէնը սկիզբէն համաձայն չէր Հանրային հեռարձակողի խորհուրդի գնահատականներուն, ան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսած էր հետեւեալը. «Մեր մասնագիտութեանը ծանօթ ցանկացած մարդու համար շատ կանխատեսելի էր, որ այդտեղ էթիկայի (բարոյագիտութեան) որեւէ խախտում չկայ ու, բնականաբար, չի յայտնաբերուելու, բայց ուզում եմ օգտուելով առիթից շնորհակալութիւն յայտնել Էթիկայի դիտորդ մարմնի գործընկերներին ծաւալուն ու բարեխիղճ եւ շատ որակեալ աշխատանքի համար: Սա եւս մէկ անգամ խօսում է այն մասին, որ մեր մասնագիտութիւնը, մեր համայնքը պէտք է գնայ ինքնակարգաւորման ճանապարհով»։
Հանրային հեռարձակողի խորհուրդի անդամները նաեւ յայտարարած էին, որ «ամբողջ աշխարհում պետութեան առաջին դէմքերի հետ հարցազրոյցները չեն ենթադրում բանավէճ»: Դիտորդ մարմինը այս ձեւակերպման մէջ հարց կը տեսնէ` շեշտելով, որ անիկա չի նպաստեր հանրութեան մէջ կարծիքներու ազատ փոխանակման եւ բանավէճի մշակոյթի զարգացման:
Հանրային հեռարձակողի խորհուրդին թիրախը դարձած Գարեգին Խումարեանի պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտի Ապրիլին. ան վերահաստատեց, որ պիտի մասնակցի Հանրային ռատիոյի տնօրէնի նոր մրցումին: