Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան Քոնկրեսի ղեկավարութեան կոչ ըրաւ՝ հրապարակային ճնշում բանեցնելու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակարգին վրայ, որպէսզի անյապաղ քայլեր առնուին Արցախի մէջ ցեղասպանութեան դիմած Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ արցախահայութեան ապահով վերադարձի իրաւունքը պաշտպանելու ուղղութեամբ։
21 Մարտ թուակիր նամակին, մէջ, Համբարեան խստօրէն կը դատապարտէ Պայտընի վարչակարգը, որ օրինէ չէր կրցած կասեցնել Արցախի հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը եւ կը շարունակէ անպատիժ ձգել Պաքուն, հակառակ քոնկրեսականներու կոչերուն։
Համբարեան կը նշէ, թէ Ուաշինկթըն «ոչ միայն չկրցաւ կաշկանդել Ատրպէյճանը, այլ նաեւ խթանեց եւ քաջալերեց Պաքուի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը»։
Նաեւ կը շեշտուի, թէ միայն 15 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն յատկացուած է բռնի տեղահանուած 120,000 արցախահայերուն, ինչ որ բաւարար չէ տեղահանուածներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները դարմանելու ջանքերուն։
Կը քննադատուի նաեւ այն իրողութիւնը, որ բաւարար ճնշում չի բանեցուիր Պաքուի վրայ, որ իր ուժերը անյապաղ դուրս բերէ հայկական տարածքներէն, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ F-16 ռազմական օդանաւեր կը ծախուին, հակառակ տարածաշրջանը ապակայունացնելու՝ Անգարայի փորձերուն։
Համբարեան նաեւ կը յիշեցնէ, թէ ամերիկահայութիւնը ազդեցիկ դեր ունի նախագահական ընտրութիւններուն մէջ՝ նշելով, որ ամերիկահայերը արդէն իսկ արտայայտած են իրենց դժգոհութիւնը «ոչ ոքի» քուէարկելով շարք մը կենսական նշանակութիւն ունեցող նահանգներու մէջ, իրողութիւն մը՝ որուն անդրադարձած են նաեւ New York Times-ը, Washington Post-ը, Politico-ն, USA Today-ը եւ այլ հրատարակութիւններ:
Համբարեան նաեւ կ՛ընդգծէ անօրինական կերպով բանտարկուած հայ ռազմագերիներու եւ Արցախի քաղաքական առաջնորդներու անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, Արցախի բնիկ հայերու վերադարձին երաշխաւորումը, ինչպէս նաեւ Արցախի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան կենսականութիւնը: