
ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
13 Մարտի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային վարչութեան կողմէն կազմակերպուած` վարժապետ Վասիլիքի Փիթուլիի «Զմիւռնիան Կ՛արտասուէ, Հայաստանը Կը Յիշէ» գիրքին ներկայացումը։ Ներկայ էին միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ եւ յոյն գրասէրներ։
Այս շնորհահանդէսը սկսաւ գուժի մը յայտարարութեամբ` Ռեբեկա Պարազեանի կորուստին լուրով։ Սիրելի ու համեստ ընկերուհին տարիներով Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» Երգչախումբի անդամ, քանի մը օր առաջ ստացած էր «Ազատ Օր»ի յուշանուէրը, սակայն չհասաւ վայելելու Համազգայինի նախատեսուած պարգեւատրումը։ Յիշատակը յարգուեցաւ մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ:
Համազգայինին կողմէ, համադրող Ժագ Տամատեան իր հակիրճ բացման խօսքին մէջ նշեց, որ գիրքը բացառիկ կերպով կը միաւորէ 1915ի ու 1922ի եղեռնագործութիւնները. յօրինուածք մը` հիմնուած իրական դէպքերու վրայ։
Այս ներդաշնակ ձեւակերպումին անդրադարձաւ գրող, թարգմանիչ, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի տնօրէն Սիսի Քափլանի՝ ներկայացնելով գիրքին բովանդակութիւնը։ Ան ըսաւ, որ կը բացայայտուին անծանօթ դրուագներ, խօսք ընելով երիտթուրքերու ժողովին համար, որ գումարուեցաւ 1908ին, Թեսաղոնիկէի մէջ, ուր հայերը եւ յոյները կոչուեցան «քրիստոնեայ մոլախոտեր»։
Տարիներ ետք, 1965ին, նոյն քաղաքին մէջ, կը կատարուի Սուրբ Մկրտութիւն մը։
Մէկ գերդաստանը` Քարտաշեանները, ընտանիքի անդամները կ՛ապրէին Տիգրանակերտ եւ անցնելով անասելի տառապանքներու ընդմէջէն՝ փրկուեցաւ Ցեղասպանութենէն։
Միւսն ալ` Զմիւռնացի Տիմիթրաքոփուլոս ընտանիքը, վերապրած 1922ի աղէտէն։
Մէկ քոյրը մտած է ճափոնական «Թոքէյ Մարու» շոքենաւը, որուն քաջասիրտ նաւատիրոջ շնորհիւ փրկուեցան բազմաթիւ հայեր եւ յոյներ. միւսին համար` կը կարծէին ինկած էր Տրափեցոնայի «Վուրլա» կոչուած օրինաւոր պոռնկատունը։
Բայց իրականութեան մէջ, ան գաղթական յոյն աղջիկ մըն էր, որ կը կրէր անոր անձնագիրը։ Քոյրը փրկուած էր թրքական ընտանիքի մը կողմէ եւ իսլամացած էր։
1921ին յունաց ղեկավարութեան անձնաւորութիւնները` Փլասթիրաս, Սթերղիատիս եւ Զմիւռնիոյ Աառաջնորդ Խրիսոսթոմոս կ՛ունենան երեւակայական զրոյց մը։
Ապա բանախօսը անդրադարձաւ «Հայոց Նիւրեմպերկին»՝ «Նեմեսիս» յատուկ գործին։
Ան «ժողովուրդ մը, որ չի յիշեր իր պատմութիւնը` ժողովուրդ է առանց ապագայի» խօսքով ամբողջացուց իր ելոյթը։
Յաջորդաբար գործադրուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը։
Շնորհահանդէսը աւարտեցաւ գիրքի հեղինակին ամփոփումով եւ շնորհակալական խօսքերով՝ կազմակերպիչներուն եւ ներկաներուն, յայտնելով իր սիրոյ զգացումները հայերուն եւ հայոց լեզուին հանդէպ։ Ան նշեց, որ լայնածաւալ հետազօտութիւններէ ետք ինք զգաց «պատուոյ պարտք» մը։ «Հայկական անունները, զորս գործածեցի գիրքիս մէջ, կարծես թէ բանաստեղծական կը հնչէին, իրենց մեկնաբանութիւններն ալ` տպաւորիչ», ըսաւ ան։
«Մարդկութեան համար` անտեղեակութիւնը թշնամի է. գիրքը կրնայ ապաքինել զայն», խօսքով ամբողջացաւ գարնանային երեկոյթը, ջերմ մթնոլորտի մէջ, համահունչ մշակութային ոգեշնչումով ու գեղեցիկ զգացումներով։