15էն 17Մարտին, Գերմանիոյ Վալլենտար քաղաքի կաթողիկէ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմին կազմակերպած «Հաւատքի ճամբար» երիտասարդական հանդիպումը։
Թեմի առաջնորդը՝ Սերովբէ եպս. Իսախանեանի օրհնութեամբ՝ «Հաւատքի ճամբար»ի կազմակերպչական պատասխանատւութիւնը ստանձնած էր Տիրատուր քհնյ. Սարդարեան։ Ճամբարին մասնակցեցան նաեւ թեմի հոգեւորականներ ։
«Ուղեւորութիւն դէպի հաւատքի ակունքներ» ճամբարը մասնակցող առաւել քան երեք տասնեակ երիտասարդներուն ընձեռեց բացառիկ հնարաւորութիւն՝ խորասուզուելու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հարուստ պատմութեան, անոր ուսմունքին եւ աւանդութիւններուն եւ քրիստոնէական հաւատքի հիմնակէտերուն մէջ։

Երիտասարդները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու եւ անմիջականօրէն շփուելու հոգեւորականներուն հետ, անոնց առաջնորդութեամբ զրուցելու եւ քննարկելու Աստուածաշունչին, հաւատքի, եկեղեցւոյ, մշակութային եւ հոգեւոր ինքնութեան վերաբերող հարցեր։ Այս եւ այլ հարցերու շուրջ խմբային եւ ներգործուն (interactif) քննարկումները, հոգեւոր խորհրդածութեան պահերը եւ ժամերգութիւններու մասնակցութիւնը երիտասարդներուն համար լաւ առիթ հանդիսացան խորհրդածելու հաւատքի կարեւորութեան մասին, ձեռք բերելու անձնական պատկերացումներ:
Երիտասարդները հեռավար կապով ունկնդրեցին առաջնորդ Սերովբէ սրբազանի օրհնութեան խօսքը, ականջալուր եղան մասնակցող հոգեւորականներու խորհրդածութիւններուն` քրիստոնէութեան, ընկերային ծառայութեան, եկեղեցւոյ եւ համայնքին մէջ իրենց ներգրաւուածութեան կարեւորութեան մասին, աշխուժօրէն մասնակցեցան այս եւ այլ նիւթերու շուրջ քննարկումներուն։
Ճամբարը ստեղծեց հարթակ մը՝ ընկերային անմիջական շփումներու եւ մէկզմէկու հետ կապեր հաստատելու համար։