Գիւմրիի մէջ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին, դռնփակ քննարկումէն տարածուած տեսանիւթի մը մէջ, ըստ «Ազատութեան», Նիկոլ Փաշինեան խօսած է Սահմանադրութեան մասին եւ ըսած, թէ հակառակ անոր որ նոր Սահմանադրութեան շուրջ քննարկումները ներկայ դրութեամբ այդքան ալ աշխոյժ չեն, բայց ինք իր առաջադրած գաղափարներուն կառչած կը մնայ։
Անկախութեան հռչակագիրը Սահմանադրութեան մէջ պահելը շատ վտանգաւոր կը նկատէ ան: Հիմա նոր Սահմանադրութիւնը ան նաեւ առաքելութիւն կ՛որակէ` երկիրը սիրելու ապացոյց:
«Եթէ մենք նոյնիսկ դառը բան ենք ասում, եթէ մենք նոյնիսկ բան ենք ասում, որ բոլորիս համար տհաճ է, մարդը պէտք է մեր սէրը զգայ, որովհետեւ եթէ մենք սիրելով չենք դա անում, մենք վատ բան ենք անում», կ՛ըսէ Փաշինեան։
Թէեւ նոր Սահմանադրութիւն ունենալու գաղափարը ինք առաջարկած է` հիմնական առաջնահերթութիւնը ձեւակերպած, սակայն հիմա ան կը յայտարարէ իրականը այն Սահմանադրութիւնն է, զոր կը ստեղծէ ժողովուրդը:
«Արդէն ցոյցեր էին անում Սահմանադրութեան ընդունման դէմ, առանց ընկալելու, որ մենք ընդամէնն այդ թեման տանում ենք, որպէսզի մենք ժողովրդի հետ ստեղծենք Սահմանադրութիւն: Էդ Սահմանադրութիւնն այսօր չկայ, եթէ այսօր հարցնէք, թէ ինչ պէտք է գրած լինի այդ Սահմանադրութեան մէջ կամ ինչ գրած չլինի, ես կարող է ինչ-որ մտքեր ունենամ, բայց այդ Սահմանադրութիւնը գոյութիւն չունի, քանի դեռ գոյութիւն չունի այդ մարդկանց մտքում, որովհետեւ եթէ մարդկանց մտքում չլինի, 700 հազար մարդ ո՞նց է գնալու կողմ քուէարկի: Մենակ մի պարագայում, եթէ համարի, որ ինքն է դրա տէրը եւ ինքն է դրա հեղինակը», կ՛ընդգծէ Փաշինեան:
Արդէն առաւել քան երկու ամիս անցած է այն օրէն, երբ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան նոր Սահմանադրութեան կարիքը ունի: Հակառակ անոր որ Ատրպէյճանի նախագահը Սահմանադրութենէն Անկախութեան հռչակագիրը հանելու ուղիղ պահանջ դրաւ եւ այդ մէկը նկատեց խաղաղութեան երաշխիք՝ Փաշինեանի իշխանութիւնը շարունակեց պնդել, որ օրէնսդրութեան փոփոխութիւնը Հայաստանի ներքին գործն է: Սակայն, մինչեւ այսօր ընդդիմութիւնը այդ պնդումներուն չի հաւատար։
«Փաշինեանի ամբողջ ելոյթը, գոնէ այն մասը, որը հրապարակային հասանելի է, մի նպատակ ունի` Հայաստանի հանրութեանը համոզել ենթարկուելու ադրբեջանական պահանջներին: Փաշինեանը հասկանում է, որ իր իշխանութեան մնալու գինը այդ պահանջները բաւարարելն է, հետեւաբար բոլոր ջանքերը գործադրում է ապացուցելու, որ դրանք ոչ թէ ադրբեջանական պահանջներ են, այլ դրանք բխում են Հայաստանի Հանրապետութեան շահերից», ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութենէն Արթուր Խաչատրեան:
Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի նախագահ, արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեան 26 Մարտին յայտարարեց, որ կը սպասեն վարչապետին հետ հանդիպման, անկէ ետք նաեւ կը ներկայացնեն, թէ ճիշդ ի՛նչ փոփոխութիւններ նախատեսուած են նոր Սահմանադրութեան մէջ: Ան պնդեց, թէ Սահմանադրութեան նախաբանին գծով քննարկում չէ եղած:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ ինքնին նախաբանին մէջ է Անկախութեան հռչակագիրին յղումը, որուն մէջ Արցախի եւ Հայաստանի վերամիաւորման մասին յիշատակում կայ: Մինչդեռ խորհուրդի անդամներէն Դանիէլ Իոաննիսեան պատմած էր Փաշինեանի եւ խորհուրդի անդամներուն միջեւ Մարտի սկիզբը տեղի ունեցած հանդիպումի մը մասին, որուն ընթացքային քննարկուած էր թէ՛ Սահմանադրութեան նախաբանի, թէ՛ հռչակագիրի հարցը:
«Ներքին աշխատանքներ իրականցնում էք, այսինքն, միեւնոյն է` այն յօդուածները, որի մէջ մենք արձանագրել ենք խնդիրներ, այս պահին այդ աշխատանքները, այսպէս ասած, ներքին մոնիթորինգը (զննումը), վերլուծութիւնները իրականցւում են, բայց բուն Սահմանադրական բարեփոխումների խորհուրդը մէկ անգամ է հաւաքուել ու այդ քննարկման արդիւնքում որոշել ենք հէնց վարչապետի հետ հարցը քննարկենք, որպէսզի հետագայ անելիքներն ուրուագծուեն», յայտնեց Մինասեան:
Բարեփոխումներու խորհուրդը նախքան Փաշինեանի` նոր Սահմանադրութիւն ունենալու մասին յայտարարութիւնը, երկու տարի աշխատած էր սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծին վրայ: Կառավարութեան ուղարկուած նախագիծին մէջ խօսք չկայ Անկախութեան հռչակագիրի դրոյթը հանելու մասին: Հիմա անոր ընթացք չեն տար, ինչպէս արդարադատութեան նախարարը ըսաւ` հետագայ աշխատանքները կ՛ուզեն համադրել վարչապետին առաջարկին հետ: Բայց Մինասեան ո՛չ վարչապետին հետ հանդիպման ժամկէտներ նշեց, ոչ ալ ըսաւ, որ Փաշինեան ի՛նչ կ՛ակնկալէ։
Խորհուրդի անդամները նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէն մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք բան չեն նկատեր: