Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ տեղակայուած Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէ գրասենեակը տեղափոխուեցաւ Բարդա։ Այս մասին «Լուրեր»ուն հաղորդեց Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի։
Արցախէն բռնի տեղահան եղած անձերէն շուրջ 84 հազարը արդէն հաշուըւած են Հայաստանի հասցէներով, իսկ 82 հազար անձեր ձեռք բերած են գաղթականի ժամանակաւոր պաշտպանութեան վկայագիր. Հայաստանի քաղաքացիութեան համար դիմած են առաւել քան 1600 անձեր։
Բռնի տեղահանութենէն ետք, այս ընթացքին Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են 50 հայեր։
Կարմիր Խաչի հայկական գրասենեակէն հաղորդեցին, որ իրենք ուշադրութեամբ պիտի հետեւին Արցախի մէջ մնացած անձերուն։ Անոնց հետ Հայաստան տեղափոխուած հարազատները կը փորձեն կապը պահել։