Շուէտի Խաղաղութեան, ապահովութեան եւ զարգացման գործակալութեան, ոստիկանութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու գործակալութեան պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Եղէգնաձոր, Իջեւան, Մարտունի, Ջերմուկ, Գորիս եւ Կապան քաղաքներու առաջնագիծի յենակէտերը` հանդիպելու համար Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ Ատրպէյճանի հետ սահմանին պարեկութիւն իրականացնող շուէտ դիտորդներուն հետ:
Այս մասին կը նշուի Հայաստանի մէջ Եւրոպական դիտորդական առաքելութեան «Էքս» էջին վրայ կատարուած գրառումին մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան կազմին մէջ կան Շուէտը ներկայացնող 10 փորձագէտներ: