Սահմանային Ներքին Խնձորեսկի միջադէպէն նուազ, քան՝ 2 օր ետք, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտարարեց, որ հայ զինուորները խախտած են սահմանապահ ծառայութեան կանոնները:
Ամփոփելով 10 Ապրիլի միջադէպի ծառայողական քննութիւնը` ԱԱԾէն յայտնեցին, թէ ժամկէտային զինուորը, սահմանապահ ծառայութեան վերակարգի աւագը եւ ծառայակիցները փորձած են հատել Հայաստանի պետական սահմանը եւ վերադարձնել Ատրպէյճանի տարածքը անցած հովիւը եւ անոր հօտը` այդպիսով խախտելով սահմանապահ ծառայութիւն կատարելու կանոնները, ինչ որ անզգուշութեամբ պատճառած է էական վնասներ:
«Նշուած սահմանապահ հատուածում սկսուել է անհարկի հրաձգութիւն, ակնյայտ վտանգի է ենթարկուել մարդկանց կեանքն ու առողջութիւնը, նկարագրուած գործողութիւններն առաջացրել են պետութեան անվտանգութեան համար սպառնալիք, ինչպէս նաեւ պետական սահմանի նշուած հատուածում պատշաճ հսկողութեան բացակայութեան վիճակ», կ՛ըսուի ԱԱԾի հաղորդագրութեան մէջ:
Երկու օր առաջ, Ներքին Խնձորեսկի հատուածին մէջ հայ եւ ատրպէյճանցի սահմանապահներուն միջեւ տեղի ունեցած հրաձգութեան պատճառը, ըստ ԱԱԾին, մոլորած հայ հովիւն էր:
Թէ՛ այդ օրը, թէ՛ 12 Ապրիլին, կառոյցէն յայտնեցին, որ տեղի ունեցածին պատճառով վիրաւորուեցաւ ատրպէյճանցի սահմանապահ մը:
Հայաստանի ԱԱԾն այդ գծով յայտնեց, թէ կ՛ափսոսան միջադէպին համար, եւ վստահեցուց, որ համապատասխան միջոցներու պիտի ձեռնարկուին այդպիսի դէպքերը բացառելու ուղղութեամբ:
Քննչական կոմիտէէն «Ազատութեան» տեղեկացուցին, որ արդէն նախաձեռնած են քրէական վարոյթի` սահմանապահ ծառայութիւն կատարելու կանոնները խախտելու յօդուածով: Այս պահուն մեղադրեալներ չկան: