21րդ դարու «կրօնական դար» մը ըլլալուն մասին առաջին անգամ չէ, որ կը գրուի: Բազմաթիւ պարբերաթերթեր, ամսագրեր ու հանդէսներ, ինչպէս նաեւ անհատ հեղինակներ՝ առանձին հատորներով, այս նիւթին անդրադարձած են անցնող դարուն, նոյնիսկ կանխագուշակելով այս դարուն կրօնական դար մը դառնալու իրողութիւնը:
Ներկայ արհեստագիտական յառաջխաղացքը նկատի ունենալով ու յատկապէս արդէն իսկ անոր բերած նորութիւնները գործնապէս տեսնելով, բոլոր կրօնքները յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն, նայելու, թէ ինչպէս կրնան այժմէականացնել իրենց ներկան: Կրօնքները մշակոյթներու ճամբով զարգացած են անցնող շրջանին եւ ապագային ալ միշտ մշակոյթներու ճամբով ծաղկունք պիտի ապրին: Բոլորն ալ իրենց հիմնադրութեան կնիքը կը կրեն, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը մնացած է այնպէս, ինչպէս էր սկզբնական շրջանին: Նոյնիսկ պահպանողական ու ծայրայեղական կրօնքներ, անպայման որ փոփոխութիւններ կրած են, այս բառին դրական իմաստով: Այսինքն, տուեալ դարուն, ժամանակի պայմաններուն եւ տուեալ կրօնքը ընկալելու մարդուն կարողութեան համապատասխան կերպով, բարեփոխած են իրենք զիրենք: Այս բարեփոխութիւնը վստահաբար էական սկզբունքներուն չի՛ հպիր, այլ երկրորդական ու առաւելաբար կենցաղային պայմաններու փոփոխութեանց առնչուած է: Նոյնիսկ պահպանողական կրօնքներու պարագային երբ մեծամասնութիւնը յամառօրէն կառչած մնայ հնաւանդ սովորութիւններու, միշտ կը գտնուի դասակարգ մը, որ ստիպողաբար, առաջարկուած բարեփոխութիւնն ալ սակաւ համարելով, անտարբերութեան ոլորտին մէջ կը մտնէ: Ոմանց կարծիքով, ասիկա կրօնական վերազարթօնքին ամէնէն ծայրայեղ աստիճանն է, երբ դէպի կրօնք բացուող հոգին գոհացում չգտնելով, կը դառնայ անտարբեր, երբեմն ալ անկրօն…:
Կրօնական վերազարթօնքը զարգացում կ’ապրի ներկայ ժամանակներուն: 21րդ դարու պայմանները փոխուած ըլլալուն համար յատկապէս կը գործածուի «ներկայ ժամանակներ» բացատրութիւնը: Մարդկութիւնը ապակեդրոնացեալ դրութեամբ կ’ապրի, յաճախ հեռու իր հայրենիքէն կամ ծննդավայրէն, հետեւելով իր կեանքի ասպարէզին գծած ուղղութեան: Կամ, բնակութիւն կը հաստատէ ան ա՛յն երկրին մէջ, որուն կեանքի պայմանները կը նկատէ հանգստաւէտ ու երջանկաբեր:
Տարբեր երկիրներու աւանդական դարձած աշխարհագրական սահմանները եւ սահմանապահներու երբեմն այնքան խիստ հսկողութիւնը չեն կրնար սակայն մշակոյթներու եւ կրօնքներու ալ սահմանագծումներ կատարել: Աշխարհի մշակոյթները ու կրօնքները գտած են ճամբան գոյատեւելու եւ իրենց հետեւորդներուն անխուսափելի միախառնումին հանդուրժելու: Եւ այդ միջոցը կամ ճամբան՝ երկխօսութիւնն է իրենց միջեւ: Ամէնէն «դաժան» օրէնքները ունեցող կրօնքն անգամ չի՛ կրնար արգիլել խառն ամուսնութիւններու աճը, կամ կաշկանդել ազատութիւնը մարդուն ընկերային կեանքին զանազան երեսներուն:
Աշխարհի զանազան մասերուն մէջ կրօնքներու երկխօսութեան համագումարներ կը կազմակերպուին, տարբեր կրօնքներու պատկանող երկիրներու, բարձրաստիճան կրօնաւորներու եւ նոյնիսկ քաղաքական ղեկավարներու կողմէ: Ինքն իր վրայ փակուած ընկերութիւն մը դատապարտուած է լճացումի եւ մահուան: Պատերու քանդումը ազգերու, կրօնքներու եւ մշակոյթներու միջեւ, փոխադարձ ծանօթացման հետ, վերցուց ատելութիւնը եւ պարտադրեց փոխադարձ յարգանքը: Իսկ ամէնէն դրական երեւոյթը այն եղաւ, որ ուրիշը ճանչնալուն հետ, կրօնքներ եւ մշակոյթներ իրենք զիրենք վերատեսութեան ենթարկեցին, նորութիւններ բերելով իրենց կեանքին եւ անոր վերանորոգելով տուեալ ազգին կամ հաւաքականութեան կեանքը: Փոխադարձ այս ծանօթացման մէջ, շատ մը պահպանողական նկատուող մշակոյթներն ու կրօնքներն անգամ ընդօրինակեցին ուրիշէն ինչ որ գեղեցիկ է, լաւ է ու ընդունելի:
Կրօնական վերազարթօնքի գլխաւոր երեք ուղղութիւններն են. Ա.- Ազգային, Բ.- Տեղական եւ Գ.- Միջազգային:
Ա.- Ազգային մակարդակի վրայ կրօնական վերազարթօնքը ազգային հիմ ունեցող եկեղեցիներու ներքին կեանքէն ներս տեղի ունեցող վերազարթօնքն է, որ բարեկարգութիւն բառով կը ճանչցուի առհասարակ: Սա տուեալ ժողովուրդին ու անոր յատուկ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս վերանորոգութեան գործընթացն է, որ ժամանակ առ ժամանակ կը թարմացնէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, կենսունակութեան շունչ փչելով իր հաւատացեալներու հոգիին մէջ: Այս վերանորոգութիւնը, սակայն, կը կատարուի տուեալ եկեղեցւոյ հոգեւոր իշխանութեան կողմէ, մասնակցութեամբ ժողովուրդին ու յատկապէս անոր նոր սերունդին: Օրինական բոլոր միջոցները ունենալով, եկեղեցւոյ իշխանութիւնը կը քննէ հոգեկան վերանորոգութեան համար հարկաւոր բոլոր փոփոխութիւնները, զգուշանալով արտառոց միջամտութիւններէ եւ նկատի ունենալով ազգի մը բոլոր հատուածներուն ու բոլոր տարիքներուն կրօնական զգացողութիւնը: Այստեղ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ յատկապէս հինի ու նորի կամրջումը, «յօնք շինելու փոխարէն, աչք չհանել»ու համար: Չափաւորական մօտեցում ունի այս առաջին կերպը, որ կարելի կը դառնայ միայն ազգային եկեղեցիներու պարագային, երբ միեւնոյն մշակոյթին ճամբով իրենց քրիստոնէութիւնը կ’ապրին տուեալ ազգային եկեղեցւոյ հաւատացեալները, ունին միեւնոյն պատմութիւնը, միեւնոյն ազգային աւանդութիւնները եւ միեւնոյն հաւաքական երազները իրենց ազգի ապագային նկատմամբ:
Բ.- Տեղական մակարդակի վրայ տեղի ունեցող կրօնական վերազարթօնքը միեւնոյն երկրին մէջ իրարու դրացնութեան մէջ ապրող եկեղեցիներու կեանքին մէջ պատահող իրավիճակն է: Հաղորդակցութեան ներկայ միջոցներուն կամ այլ կերպերով իրարու հետ փոխադարձ ծանօթութիւններ ունենալու կարիքը չզգացուիր այս պարագային, երբ ամէնօրեայ փոխյարաբերութիւն գոյութիւն ունի այստեղ:
Այս երկրորդ տեսակի վերազարթօնքը իր դրական երեւոյթները ունի, որոնց միջոցաւ եկեղեցիներ գործակից կը դառնան իրարու, դիմագրաւելու համար կեանքի բոլոր մարտահրաւէրները: Այսպէս, անոնք միասնաբար կրնար պայքարիլ հաւասարապէս բոլոր եկեղեցիներու երիտասարդութեան կեանքը յուզող երեւոյթներուն դէմ: Միասնաբար կրնան միջոցներ որոնել ժողովուրդը եկեղեցւոյ կապելու եւ հաւատացեալներուն հաւատքը զօրացնելու համար:
Դրական այս երեւոյթներուն կողքին սակայն, կան նաեւ ժխտական երեւոյթներ, երբ իրենց եկեղեցւոյ դաւանանքին, ծէսին, արարողութեանց ու աստուածաբանութեան մասին սահմանափակ ծանօթութիւն ունեցող անձեր յանկարծ բաղդատականի կը դնեն իրենց եկեղեցին շրջապատին մէջ գտնուող այլ եկեղեցիներու հետ եւ սեփական ընտրութիւն մը կը կատարեն: Անոնք երբեմն անհիմն պատճառով կը հեռանան իրենց մայրենի եկեղեցիէն, տարուելով օտարին եկեղեցական երաժշտութեան աշխոյժ կշռոյթէն, կամ եկեղեցւոյ շէնքի շքեղ փայլէն: Ոմանք ալ խորհրդակատարութեանց սակերու նկատմամբ անհամաձայնութիւն մը ձեւակերպելով, դաւանափոխ կամ յոռեգոյն պարագային՝ կրօնափոխ կը դառնան, առանց զգալու ծնողակորոյս ըլլալու այն մեծ ցաւը, որ որեւէ տարիքի մէջ գտնուող գիտակից մարդուն սիրտը պիտի վիրաւորէր որբութեան մղկտացող վէրքով:
Գ.- Միջազգային մակարդակի վրայ տեղի ունեցող կրօնական վերազարթօնքը ամէնէն վտանգաւոր ու քանդիչն է: Ասիկա մասնաւոր պարագայ մըն է, որուն թակարդին մէջ կը բռնուին հին թէ նոր, Արեւելեան թէ Արեւմտեան, պահպանողական թէ ազատախոհ եկեղեցիներու հաւատացեալներ հաւասարապէս, նայած անոնց նիւթական կացութեան ու բարոյական կորովին: 21րդ դարու կրօնական վերազարթօնքի վերլուծաբաններ «կրօնքին կեղծ վերազարթօնքը» կը կոչեն այս երրորդ տեսակը, որ համաշխարհայնացման յառաջացուցած հսկայ ալիքներուն պղտորած ջուրին մէջ ձուկ որսալու չարամիտ մօտեցումը ունի: Նիւթապէս անօթի ձուկեր, շուտով իրենց հոգիին բերանը լայն կը բանան նման շարժումներու ձկնորսներուն կարթերը կուլ տալու, ուրկէ եւ կը կախուին՝ կշտանալու յոյսով: Ընկերային դժուարութիւններու մէջ ընկղմած մարդիկ կամ իրենց կեանքին մէջ յուսախաբութիւններ ապրած անհատներ, կարճ միջոցի մէջ վկայութիւն տուող քարոզիչները կը դառնան իրենց չիմացածին մասին: Բնականօրէն կրօնքին այս կեղծ վերազարթօնքը պարուրուած կ’ըլլայ խորհրդապաշտութեամբ (միսթիսիզմ), գրաւիչ դարձնելու համար «պաշտամունքային» հաւաքները եւ հեղինակութիւն տալու համար կրօնքին համաշխարհայնացման նպաստող ղեկավար «առաքեալ»ին: Առաջին հարուածը եկեղեցւոյ մը մշակութային արմատին կը հասցնեն միջազգային մակարդակի վրայ կրօնական վերազարթօնք կազմակերպողներ, արհամարհելով եկեղեցիներու եւ ազգերու սեփական լեզուները, զանոնք փոխարինելով անհասկնալի ու իբրեւ թէ «Ս. Հոգւոյ ներշնչած լեզուներ»ով, որոնք երբեմն կարելի չըլլար զանազանել, տարբեր տեսակի կենդանիներու ձայներէն: Հոս է անոնց յաջողութիւնը -եթէ կարելի է այդպէս կոչել- երբ բազմամշակոյթ, բազմակրօնք ու բազմացեղ հաւաքականութեան մէջ ապրողներ, յանկարծ կրօնական վերազարթօնքի այս «կաթսայ»ին տակի կրակին «փայտ» կը դառնան՝ անընդհատ ճարճատելով, առանց անդրադառնալու, թէ բարձրաձայն ճարճատող կրակը շուտ կը մարի: Անոնք չեն ալ գիտեր, թէ այդ կաթսային մէջ եփուող կերակուրը ճաշակելի՞ է կամ՝ ոչ:
Կրօնական վերազարթօնք, այո՛, համաձայն են բոլոր եկեղեցիները ու կրօնքները: Սակայն, իւրաքանչիւրը իր ճամբով, իր ըմբռնումներուն եւ դաւանանքին հասկացութեամբ եւ ո՛չ թէ զիրար նուաճելու մարդորսական նպատակներով կամ եղածը քանդելով նորը կառուցելու համաշխարհայնացման բերած կործանարար հեռանկարներով: