
ՀԲԸՄը պատասխանատուութիւն ստանձնեց Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ տեղադրել 100 քիլօուաթ բարձր կարողականութեամբ եւ քարիւղով գործող չորս ելեկտրարտադրիչներ, որոնք նախապէս նպատակադրուած էին Ղարաբաղի համար: Մարդասիրական այս օժանդակութիւնը կարելի եղած էր իրականացնել Ֆրանսայի զանազան շրջաններու քաղաքապետութիւններու մասնակցութեամբ եւ կազմակերպուած էր Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգիչ յանձնախումբին (CCAF) կողմէ, ՀԲԸՄի Ֆրանսայի շրջանակին հետ գործակցութեամբ:
Երբ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումով գործադրուած մահացու շրջափակումը իր իններորդ ամիսը կը թեւակոխէր, Փարիզի քաղաքապետ Էնն Հիտալկօ Հայաստան գնաց, Ֆրանսայի տարբեր շրջաններու եւ քաղաքներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած խումբի մը ընկերակցութեամբ: Խումբին կ՛ընկերանար 10 բեռնատարներէ բաղկացած շարասիւն մը, որ մարդասիրական օժանդակութիւն` անհրաժեշտ իրեր եւ սննդեղէն կը փոխադրէր արցախահայութեան համար, որ աշխարհէն կտրուած՝ կարիքը ունէր տարրական օգնութեան, յատկապէս ելեկտրականութեան: Նախաձեռնութեան մասնակցող շրջաններն էին՝ Փարիզ, Մարսէյլ, Սթրազպուրկ, Լիոն, Իլ Տը Ֆրանս, Օվերնյը-Ռոն-Ալփ, Հօ-Տը-Ֆրանս, Օքիթանի, Սիւտ եւ Փէյի Տը Լա Լուար: Անոնք նաեւ 180,000 եուրօ տրամադրած էին Ֆրանսայի ՀԲԸՄին՝ վերոնշեալ մարդասիրական օգնութիւնը տեղ հասցնելու համար:


Նուիրատու բոլոր կողմերուն հաւանութեամբ՝ ՀԲԸՄը պատասխանատուութիւն ստանձնեց ելեկտրարտադրիչները հասցնել Հայաստանի այն շրջանները, ուր համայնքները առաւելագոյն կարիքը ունին անոնց: Այս միջոցառումը մաս կը կազմէր ՀԲԸՄի համընդհանուր նախաձեռնութեան, որ կը նպատակադրէր կանխարգիլել վերջին տարիներուն Արցախի մէջ ստեղծուած ծայրայեղ կացութիւններու կրկնութիւնը Հայաստանի այլ շրջաններու մէջ:
ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ՀԲԸՄի Ֆրանսայի փոխնախագահ Նատիա Գործունեան, այս առնչութեամբ հաստատեց, թէ ելեկտրարտադրիչներու տեղադրումը էապէս անհրաժեշտ կարիքներ կը լրացնէ: «Մենք խորապէս գիտակից ենք յատկապէս սահմանամերձ շրջաններու մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած թշնամական արարքներուն եւ ոտնձգութիւններուն պատճառով ելեկտրականութեան եւ ուժանիւթի անջատումներուն ստեղծած տագնապալի ծանր կացութիւններուն: Այդ պատճառով, ՀԲԸՄը յանձնառու եղաւ անմիջապէս ընդառաջելու ելեկտրարտադրիչներու տեղադրումին գծով մեր Ֆրանսայի բարեկամներուն եւ գործակիցներուն խնդրանքին», յայտնեց Գործունեան:
Որոշելու համար, թէ ինչ պիտի ըլլայ ելեկտրարտադրիչներու տեղադրումին ուղղութեամբ լաւագոյն կարգադրութիւնը, ՀԲԸՄը նկատի առաւ տուեալ համայնքներու առանցքային դերը նախորդ տագնապներու ընթացքին: Ստորեւ տեղադրման վայրերը․
– Գորիսի դարմանատուն։ Արտակարգ կացութիւններու պարագային, առողջապահական ծառայութիւններու այս կեդրոնը կը հանդիսանայ էական կառոյց մը, որ դիւրութեամբ կը վերածուի շտապ օգնութեան հիւանդանոցի, որուն համար անհրաժեշտ է պահեստի ելեկտրարտադրիչի ապահովումը:
– Գորիսի քաղաքապետարան։ Հայաստանի հարաւային շրջանին համար բանալի կառավարչական այս կեդրոնը, Ատրպէյճանի մօտիկ հարեւանութեամբ, կարիքը ունի շարունակական ուժանիւթի, թշնամական արարքներու, կամ եղանակային աղէտներու պատճառով ստեղծուած ընդհատումներու պարագային:
– Սիսեանի քաղաքապետարան։ Հաղորդակցութեան եւ ղեկավարման կարեւոր հանգոյց մը ըլլալուն՝ անոր ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող գործունէութիւնը պէտք է ապահովուի առանց ընդհատումներու:

– Մարտունիի ծննդաբերական կեդրոն։ Նորածին մանուկներու եւ մայրերու համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող հաստատութիւն մը, որ թիրախ կրնայ հանդիսանալ, ինչպէս պատահեցաւ 2020ի Արցախի պատերազմի օրերուն, ռմբահարուած հիւանդանոցներու եւ ծննդաբերութեան բուժկեդրոններու պարագային: Ուժանիւթի պահեստը անկասկած փրկարար դեր կրնայ ունենալ այդպիսի պարագաներու:
28 Մարտին, Մարտունիի մէջ, եւ 4 Ապրիլին, Սիսեանի եւ Գորիսի մէջ, ՀԲԸՄի Հայաստանի անձնակազմը կազմակերպեց եւ իրականացուց ելեկտրարտադրիչներուն տեղադրումը, տեղւոյն համայնքներուն դիմադրականութիւնը ամրապնդող յաւելեալ լծակ մը ապահովելով:
Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցան հանդիպումներ տեղական առաջնորդներու հետ՝ Սիսեանի քաղաքապետ Արմէն Յակոբեանի եւ Գորիսի քաղաքապետ Արուշ Արուշանեանի: Հանդիպումներուն ընթացքին, ՀԲԸՄի պատասխանատուները բացատրեցին Ֆրանսայի կողմէ նուիրուած ելեկտրարտադրիչներու ոդիսականը եւ անոնց օգտագործման նպատակները: Անոնք նոյն ատեն հաստատեցին արտաքին գործընկերներու հետ միջոցառումներ իրագործելու՝ միութեան անխախտ յանձնառութիւնը, Հայաստանի դիմադրականութեան ուժեղացման եւ արտակարգ կացութիւններու ընդառաջ զայն ինքնաբաւ դարձնելու ուղղութեամբ:
(Քաղուած ՀԲԸՄի թղթակցութենէն)