Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Երեմիա վրդ. Աբգարեանը նշանակած է հոգեւոր տեսուչ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին: Հայր սուրբը, գործակցաբար հոգեւոր հովիւին եւ օգնական հովիւին՝ նուիրումով ու բծախնդրութեամբ պիտի շարունակէ իր աստուածահաճոյ առաքելութիւնը, միասնաբար նոր սլացք տալով Մայր տաճարի առաքելութեան: Հայր սուրբը նաեւ սրբազան հօր անմիջական օգնականն է առաջնորդարանի սպասաւորութեան մէջ:
Այս առթիւ, հայր սուրբին կը մաղթենք նոր յաջողութիւններ եւ բարի ծառայութիւն:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ