Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴ) կը տեղեկացնէ, թէ իր նախաձեռնած «Փշրենք Ցեղասպանութեան Շղթաները» արշաւի ծիրին մէջ, Պեվըրլի Հիլզի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ Ապրիլ 24ին տեղի ունեցած բողոքի տարեկան ցոյցին մասնակցեցան հազարաւոր ցուցարարներ, դատապարտելով ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ անցեալ տարի իրագործուած Արցախի ցեղասպանութիւնը։
ՀԵԴի անունով ելոյթ ունեցաւ Յակոբ Հաճիպէքեան, որ դատապարտեց թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը եւ թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, զանոնք Արցախի ցեղասպանութեան մեղակից նկատելով։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Արին Թազեան, Գէւ Իսքաճեան (Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ), Սարիկ Արմէնեան (ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց իրաւական կեդրոնին կողմէ) եւ Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սամուէլ Յակոբեան։
Ելոյթ ունեցողները շեշտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու, ինչպէս նաեւ Տաւուշի եւ ամբողջ Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։