(ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

1988ին, Արցախեան շարժումը ազգային զարթօնքի մը ազդանշանը տուաւ համայն հայութեան։ Հայրենիքէն Սփիւռք, հայութիւնը միահամուռ կերպով արձագանքեց հայրենի Արցախը մայր Հայաստանին վերամիացնելու պահանջին։ Սփիւռքահայութեան բոլոր շերտերը խանդավառուեցան։ Հայաստանը անկախացումը եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծումը երազանքէն սկսաւ իրականութեան ցոլքեր տալ եւ յոյսը վերազարթնեցաւ բոլորին մօտ, անխտիր։
Արցախեան շարժումը չմնաց խաղաղ ցոյցերու շրջագիծին մէջ։ Ատրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը օրըստօրէ ծաւալեցաւ եւ տեւեց ամբողջ երեք տարի, աւարտելով հայկական կողմին յաղթանակով եւ 12 Մայիս 1994ին կնքուեցաւ զինադադար։
Արցախեան պատերազմը անտարբեր չէր կրնար ձգել սփիւռքահայ երիտասարդութեան եւ մասնաւորաբար՝ դաշնակցական երիտասարդութեան։ Բազմաթիւ երիտասարդներ փութացին Արցախ, մասնակցելու ազատագրական պայքարին եւ տէր կանգնելու դաշնակցականի իրենց երդումին՝ անձնական օրինակով եւ կեանքի գնով ծառայելու Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։
Այս փաղանգին մաս կը կազմէր նաեւ Վիգէն Զաքարեան։
Վիգէն ծնած է Պէյրութ, 15 Մարտ 1969ին, Լիբանանի հայահոծ Պուրճ Համուտի թաղամասը։ Յաճախած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը։ Կարճ ժամանակ մը նաեւ հետեւած է Հայկազեան համալսարանի տնտեսագիտութեան դասընթացքներուն։ Ապա, ստիպուած նետուած է գործի ասպարէզ, իբրեւ ոսկերիչ։
Վիգէն հասակ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։ Ան իր սերնդակիցներուն նման տեսաւ, ապրեցաւ այդ պատերազմին ամէնէն զարհուրելի պահերը՝ քանդում, աւեր, սպանութիւն եւայլն։ Այս պայմաններուն մէջ կազմաւորուեցաւ անոր գիտակցական եւ հոգեմտաւոր աշխարհը, որուն հիմքը կը հանդիսանար զոհողութեան գնով տէր կանգնիլ հայութեան ֆիզիքական ապահովութեան։ Հակառակ պատերազմի թոհուբոհին, Վիգէնը դպրոցի կողքին անդամակցած էր ՀՄԸՄին, իբրեւ գայլիկ, իսկ հետագային արդէն՝ սկաուտ։ Ան հեծելանաւորդ էր եւ մաս կը կազմէր ՀՄԸՄի հեծելանաւորդներու խումբին եւ քանի մը առիթներով մասնակցած է Լիբանանի մէջ կայացած տարբեր մրցումներու։
1975ին սկսած պահանջատիրական զինեալ պայքարը ոչ միայն կը խանդավառէ սփիւռքահայ նորահաս սերունդները, այլեւ անոնց կը ներարկէ հայ ժողովուրդի դարաւոր իրաւունքներուն տէր կանգնելու եւ քաղաքական աշխարհէն արդարութիւն պահանջելու գիտակցութիւնը։ Միջին Արեւելքի մէջ հասակ առած այդ սերունդին կը պատկանէր նաեւ Վիգէնը։
Շրջադարձային եղաւ Վիգէնի անդամակցութիւնը ՀՅԴ ԼԵՄի «Դրօշակ» մասնաճիւղին։ Ան ակումբի թաղի բնակիչ ըլլալով, ան իր հեծանիւով արդէն ծանօթ էր ակումբի տղոց եւ ճանչցուած էր իբրեւ «ճեմարանական»։ ԼԵՄական իր կեանքը կը դրսեւորուի աշխատանքով, նուիրումով եւ գործօն մասնակցութեամբ գրեթէ ամէն ինչի, ներառեալ՝ պահակութեան պարտականութեան, որ հայկական թաղերու ապահովութեան համար կը կատարուէր։ Ան կը ստանձնէ պատասխանատու պարտականութիւններ։ Այս մթնոլորտին մէջ կը կազմաւորուի Վիգէնի գաղափարական-դաշնակցական ներաշխարհը եւ հայրենիքին ծառայելու անսակարկ նուիրումը կ՛ամրապնդուի անոր մէջ։ Անոր ԼԵՄի անդամակցութեան զուգահեռ, կը սկսի Արցախեան շարժումը, որ ինչպէս ամբողջ դաշնակցական երիտասարդութեան, նոյնպէս Վիգէնին մէջ կը բորբոքէ Ազատ, Անկախ Հայաստանը իրագործելու երազանքին հնարաւորութիւնը։
Արցախեան պատերազմի առաջին տարին զինուորական գործողութիւնները հայկական կողմին համար բարենպաստ չէին։ Արցախը ամբողջութեամբ պաշարուած էր։ Շուշին կը գտնուէր ատրպէյճանական տիրապետութեան տակ, ուրկէ անդադար կը ռմբակոծուէր մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։ Մէկ տարի առաջ ամբողջութեամբ գրաւուած էր Արցախի հիւսիսային բաժինը (Գետաշէն, Մարտունաշէն, Շահումեան), իսկ աւելի ուշ՝ Հադրութի կէսէն աւելին անցած էր թշնամիին վերահսկողութեան տակ։ Վտանգուած էր ամբողջ արցախահայութեան կեանքը։ Այս պայմաններուն մէջ, Արցախի ղեկավարութիւնը կ՛որոշէ ազատագրել Շուշին եւ ապա Բերձորը, ցամաքային կապ հաստատելու համար Հայաստանի հետ։
Վիգէնը, իբրեւ զինուորագրեալ կամաւոր, 1992 Ապրիլ 17ին կը մեկնի Հայաստան, միանալու բազմահազար կամաւորներուն, որոնք կ՛երթային Արցախ, կռուելու եւ ազատագրելու հայրենի հողը։ Մեկնելէն առաջ, տնեցիներուն կը յայտնէ, թէ գործով պիտի ճամբորդէ Պելճիքա։ Մայիսի սկիզբին կամաւորներուն հետ կը հասնի Արցախ եւ Մայիս 7-8ի լոյս գիշերը կը սկսի «Հարսանիք Լեռներում» Շուշիի ազատագրութեան գործողութիւնը։ Վիգէնը կը մասնակցէր այս կռիւներուն եւ կը գտնուէր Լիսագորի ճակատին վրայ։ Մարտի ընթացքին կողէն կը ստանայ փամփուշտ մը, որ մահացու կը դառնայ անոր համար։ Իր զինակից ընկերներէն մէկուն վկայութեամբ, շտապ օգնութեան բացակայութեան պատճառով, ան մեծ քանակութեամբ արիւն կը կորսնցնէ, որուն հետեւանքով կը մահանայ։ Անոր դիակը կը տեղափոխուի Երեւան եւ կ՛ամփոփուի Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ։
Վիգէնի նահատակութեան լուրը գաղափարակից ԼԵՄական ընկերներուն հասաւ յաջորդ օրը, երբ արդէն ամէն մարդ մեծ ոգեւորութեամբ իրարու կը շնորհաւորէին Շուշիի ազատագրութեան առիթով։ «Նիկոլ Դուման» ակումբը՝ Վիգէնի վերջին տարիներու մնայուն կայանը, համակ սուգի մէջ մտաւ։ Առաջին վայրկեաններու վիշտին զուգահեռ, հպարտութեան եւ յաղթանակողի տրամադրութիւնը համակեց բոլորին։
Վիգէնին մօտէն ճանչցողներուն համար, անոր նահատակութեան երթալու այս որոշումը անակնկալ չէր։ Վիգէնը կը հաւատար, որ Արցախի փրկութիւնը կ՛ապահովուի զէնքով եւ հայկական բազուկի յաղթանակով։ Ան այս համոզումը իր մէջ գոյացուցած էր Արցախեան շարժման առաջին օրերէն։
Վիգէնը եղաւ նախակարապետը հայրենի հողը ազատագրելու եւ զայն անկախ տեսնելու սփիւռքահայ երիտասարդութեան։ Ան պիտի մնայ խորհրդանիշը հայկական հարուածող բազուկի հաւատամքին եւ հայրենիքի համար կեանքի գնով ծառայելու գիտակցութեան։