8 Մայիսին «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվինի հետ:
Ընդդիմադիր պատգամաւորները դեսպանին հետ զրոյցին ընթացքին արտայայտեցին իրենց մտահոգութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական արժէքներու եւ ազատութիւններու կտրուկ նահանջին մասին եւ շեշտեցին՝ ոստիկանական բռնութիւններու աճը, խօսքի ազատութեան եւ խաղաղ հաւաքներու իրաւունքը սահմանափակելու դէպքերը:
Անոնք ընդգծեցին նաեւ դատական համակարգը ամբողջութեամբ գործադիրի վերահսկողութեան տակ առնելու անթոյլատրելիութիւնը: Դեսպանի ուշադրութեան յանձնուեցաւ նաեւ տարբեր գործերով խափանման միջոց ընտրուած կալանքներու անթոյլատրելի վիճակագրութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք յօրինուած մեղադրանքներով բազմաթիւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ եւ խաղաղ հաւաքներու մասնակիցներ եւ քաղաքական բանտարկեալներ այժմ բանտը կը գտնուին։
Պատգամաւորները դեսպանին ներկայացուցին նաեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման ներկայ գործընթացքին անթոյլատրելիութիւնը, զայն «միակողմանի զիջումներ եւ յանձնուողականութիւն» որակելով, ինչպէս նաեւ բարձրաձայնեցին Արցախի Հանրապետութենէն բռնի տեղահանուածներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու Հայաստանի մէջ անոնց ունեցած ընկերային խնդիրներու, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքին վերաբերող հարցերը: