
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ՀՕՄի համայն ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժեն ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ՝ վաստակաշատ ընկերուհի Աննիկ Զինտարսեանին մահը, որ պատահեցաւ Մայիս 1, 2024ին։
Խորին ցաւակցութիւններ Հելին Զինտարսեանին, Քերըն Զինտարսին եւ Էվըն Ուկարդէին, բոլոր սգակիր հարազատներուն եւ ՀՕՄի անդամներուն։
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ