
Այսու, կ՛ուզենք տեղեկացնել, որ Արեւմտեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան շնորհաւորական այցելութիւններ պիտի ընդունի Ազգային առաջնորդարանէն ներս, Երկուշաբթի 13 Մայիսէն մինչեւ Չորեքշաբթի 15 Մայիս, երեկոյեան ժամը 6էն 8:
Շնորհաւորական այցելութիւնները նախօրօք պիտի համադրուին Ազգային առաջնորդարանի դիւանատան միջոցաւ եւ կապի հաստատման առաջնահերթութեամբ (818-248-1278 կամ info@westernprelacy.org):
Ի հարկին, այս ժամանակացոյցի թուականներէն կամ ժամերէն դուրս այցելութիւնները պիտի դասաւորուին, ըստ յարմարութեան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ