ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբերի կէսերուն պիտի սկսի գործել Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան «Armenian HighTech Virtual Community Portal»ը: Այս մասին յայտնեց միութեան գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեան եւ նշեց, որ նշեալ համացանցը Հայաստանի շուրջ 200 ընկերութիւններուն, 5 հազար մասնագէտներուն եւ 7 հազար ուսանողներուն կ’ընձեռէ մէկ միջավայրի մէջ շփուելու հնարաւորութիւն:
Ան նշեց նաեւ, որ նշեալ ցանցի աշխատանքները կ’իրականացուին ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան՝ մրցունակ մասնաւոր հատուած Հայաստանի մէջ ծրագիրի հետ համատեղ: