Ատրպէյճանական դատարանը յաւելեալ հինգ ամիսով երկարաձգեց Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի կալանքը: Ատրպէյճանի պաշտօնական լրատուամիջոցներուն համաձայն` Պինակատիի շրջանային դատարանը 14 Մայիսին բաւարարեց դատախազութեան համապատասխան միջնորդութիւնը:
Դատարանը միջնորդութիւն ներկայացուցած է Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող երկու միւս արցախցի նախկին պաշտօնատարներու կալանքի ժամկէտները երկարաձգելու հարցով, սակայն անոնց անունները լրատուամիջոցը չտուաւ։