ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Արժանթինահայ, պերլինաբնակ արուեստագէտ Սիլվինա Տէր Մկրտչեան, որ կը ստեղծագործէ արուեստի շարք մը բնագաւառներու մէջ, վերջերս՝ Ապրիլ 24-28ին, Պերլինի «Մաքսիմ Կորքի» թատերասրահին մէջ ներկայացուցած է իր երկու նոր ֆիլմերը։ Անոնք Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող նիւթերու շուրջ են կը կրեն «Պատմող Առարկաներ» (2022) եւ «Սեմեր» (2023) անունները։
Ֆիլմերու ցուցադրութեան զուգահեռ, ան սարքած է նաեւ ցուցահանդէս մը, ներկայացնելով նիւթին վերաբերող շարք մը առարկաներու եւ մասունքներու պատկերներով բացիկներ ու նկարներ, որոնք կը նկարագրեն հայութեան կեանքի դրուագներ՝ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն։ Բնականաբար, անոնք ա՛յն փրկուած մասունքներէն են, որ գաղթելու ատեն կրցած են իրենց հետ տանիլ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը։

«Պատմող Առարկաներ»ը շարք մը արեւմտահայ ընտանիքներու պատմութիւններու մասին է՝ մէկը միւսէն աւելի ահասարսուռ։ Ֆիլմին հերոսները աւստրիաբնակ հայուհիներ են։ Անոնք իրենց անցեալը մարմնաւորող ու յիշեցնող՝ փրկուած միակ կամ քանի մը իրերէն մէկը կը ներկայացնեն, որոնց օգնութեամբ կը վերյիշեն նախնիներու ապրածն ու կորսնցուցածը։ Փրկուածը սրբօրէն կը պահեն ու կը փոխանցեն սերունդէ սերունդ՝ պատմութեամբ հանդերձ։ «Սեմեր» ֆիլմը (2023), որ արդէն բաւական ճանչցուած ու սիրուած է, արեւմտահայերէնով (անգլերէն ենթագրերով) կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքներու կեանքը իրատեսօրէն ներկայացնող լուսանկարներու մասին եւ կ՛անդրադառնայ անոնց դերին՝ մարդոց մշակութային եւ ընտանեկան ժառանգութեան մէջ։
Տէր Մկրտչեանի ֆիլմը հիմնուած է պէյրութահայ փարիզաբնակ գրող Գրիգոր Պըլտեանի «Սեմեր» հատորին (1997) առաջին գլուխին՝ «Կոյտը»ին վրայ։ Բնագիրը կը կարդայ գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան։
«Այս գործը ընտրեցի, քանի որ շատ կը սիրեմ Գրիգոր Պըլտեանի գրականութիւնը։ Բնագիրը ինծի շատ հոգեհարազատ է եւ համահունչ՝ ամէնօրեայ աշխատանքիս։ Անձնապէս ազդուեցայ երբ կարդացի գիրքը եւ անմիջապէս խորհեցայ բան մը ընել։ Ի հարկէ շատ դժուար, բայց հետաքրքրական աշխատանք էր եւ ես արդիւնքէն գոհ եմ», դիտել տուած է ան՝ տեղեկացնելով, թէ 2023ին ժապաւէնը ցուցադրուած է շարք մը միջազգային փառատօներուն՝ Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Թորոնթոյի, Միլանոյ, Մատրիտի, Միւնիխի, Պերլինի եւ այլ քաղաքներու մէջ։