«Տիարիօ Արմէնիա» կը տեղեկացնէ, թէ Ուրուկուէյի խորհրդարանը Մայիս 14ին միաձայնութեամբ հաստատեց իւրաքանչիւր տարի Ապրիլ 24ը «Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր» հռչակող օրէնքի նախագծին, որ նաեւ պետական պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի բոլոր կայաններէն կը պահանջէ՝ ամէն տարի Ապրիլ 24ին անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին։
Յիշեցնենք, որ Ուրուկուէյի Ծերակոյտի այս բանաձեւի հաստատեց Մայիս 7ին եւ եթէ գործադիր իշխանութեան կողմէ ընդդիմութիւնը չըլլայ, օրինագիծը իբրեւ օրէնք պիտի հրապարակուի։
Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին, օրէնքի նախագիծը ներկայացուցած եւ այլ խորհրդարանականներ դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ ջանքերը եւ շեշտեցին, թէ այդ ժխտողականութիւնը եւ Ցեղասպանութեան անպատժելի մնալը կը խթանէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Պաքուի ոճիրները, ներառեալ՝ Արցախի հայաթափումը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը:
Ըստ «Տիարիօ Արմէնիա»ի՝ հաստատուած նախագիծը հիմնուած է Աւետարանական եկեղեցիէն դոկտոր Կուսթաւօ Վանէսգահեանի նախաձեռնութեան վրայ, որ ապահոված է հայ համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ Ուրուկուէյի Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը: