Կիրակի, Մայիս 12ի առաւօտեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատոյց, պատգամեց եւ Ս. խորանը գեղազարդող որմնանկարներու օրհնութիւնը կատարեց, բնաբան ունենալով՝ ոսկեդարուն, պարսիկ Յազկերտ բռնատէր արքայի երեսին նետուած՝ հայ ժողովուրդի հետեւեալ խօսքը. «Մեր հայրը Ս. Աւետարանը կը ճանչնանք եւ մեր մայրը՝ Հայ Առաքելական ընդհանրական Ս. եկեղեցին»:
Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը, ներկայութեամբ շրջանի ղեկավարներու, բարերարներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:


Ակնարկելով 5րդ դարու Հայաստանի պատմաքաղաքական պայմաններուն՝ առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նշեց, որ հայ ազգի կեանքին մէջ կան պատմութիւն կերտած թեւաւոր խօսքեր, դրուագներ ու դէպքեր, որոնք իբրեւ կենդանի օրինակներ եւ բացարձակ ճշմարտութիւններ քալած են դարերու մէջէն՝ մաս կազմելով մեր հայրենիքին ու ազգի հոգեկերտուածքին եւ բնաւորութեան, ապա այս իմաստով արժեւորեց հայ ազգի հոգեւոր ծնողները համարուած Աստուածաշունչն ու Եկեղեցին, որոնք ցոյց կու տան հայոց ըմբռնման բարձր չափանիշն ու ընկալման վսեմութիւնը քրիստոնէական հաւատքի նկատմամբ, միաժամանակ հարց տալով, որ արդեօք գոյութիւն ունի՞ ուրիշ ժողովուրդ մը, որուն մօտ Սուրբ Աւետարանը հայր ըլլայ, իսկ Եկեղեցին ալ՝ մայր:
Այնուհետեւ, իր խօսքը կապելով Մայրերու տօնին, առաջնորդը ե՛ւ անհատական, ե՛ւ ազգային մակարդակի վրայ շնորհաւորեց հայ մայրերն ու հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս՝ դիտել տալով, որ մեր ժողովուրդը Աստուծոյ խօսքը եւ Քրիստոսի եկեղեցին կ՛ընդունի իբրեւ հայր եւ մայր՝ հաստատելով, որ իր ծնողներուն նկատմամբ տածած բարձրաբերձ սիրոյն ու յարգանքի անկեղծ զգացումներուն հիմամբ է, որ մեր ազգը իր էութեան մէջ ընդգրկած է քրիստոնէական հաւատքը:



Յընթացս Ս. պատարագի, սրբազան հայրը եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կատարեցին Ս. խորանի որմնանկարներու օծման արարողութիւն (գործ՝ արուեստագէտ-նկարիչ Տիգրան Յովումեանի):
Եկեղեցւոյ խորանին պատը զարդարող հրեշտակներու որմնանկարներու բարերարն էր ազգային մը, իսկ Վերջին ընթրիքի որմնանկարի բարերարն էր` Յարութ եւ Լորա Գամպերեանները:
Յայտնենք, որ արարողութենէն ետք, առաջնորդը իր շքերթով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ, ուր ան հատեց կարկանդակ՝ Էնսինոյի համայնքին տուած առաջին այցելութեան առիթով եւ ընդունեց սրտաբուխ շնորհաւորանքները եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, շրջանի միութիւններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ անհատ բարեկամներու: