Երկուշաբթի, Մայիս 20ի կէսօրին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Կլենտէյլի քաղաքապետ Էլէն Ասատրեանի, որ այս առիթով նորընտիր առաջնորդին նաեւ ներկայացուց Լոս Անճելըս գաւառի ամենահայաշատ քաղաքին ընդհանուր իրավիճակն ու քաղաքապետական հայանպաստ ծրագիրները:
Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց Ասատրեանին եւ վստահեցուց, որ գործակցաբար կարելի է աւելի եւս ամրապնդել հայկական գաղութի քաղաքացիական, ընկերային եւ մարդասիրական օգտաշատ նախաձեռնութիւններն ու աշխատանքները, միշտ ի խնդիր մեր ազգի զաւակներու կենսամակարդակի բարելաւման եւ ազգային ու հայկական կառոյցներու բարգաւաճման: