ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Մայիս 28ը հայոց արդի պատմութեան ամէնէն նշանակալից եւ պատմարժէք տօներէն մէկն է: Անիկա Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան թուականն է, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան, ինքնորոշումի եւ սեփական ճակատագրի տնօրինումին տօնն է:
Իր պետականութիւնը կորսնցնելէ շուրջ վեց դարեր ետք, 1918ի Մայիս 28ին ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայ ժողովուրդը անցաւ պետութիւն ունեցող ազգերու շարքին: Ասիկա հայոց նորագոյն պատմութեան մեծագոյն նուաճումներէն մէկն էր, որովհետեւ 20րդ դարու մեր Առաջին Հանրապետութիւնը հիմնաքարը դարձաւ հայ ժողովուրդի ներկայ պետականութեան:
Հայաստանի Ա․ Հանրապետութիւնը իրականացումն էր երազի մը՝ երազելու իրաւունքէն զրկուած ժողովուրդի մը համար, որ մահուան մութ ձորին մէջէն կ՛անցնէր: Արդարեւ, արեւմտահայութիւնը իր բնաշխարհէն արմատախիլ ընելէ եւ Ցեղասպանութեան քրէական ոճիրը գործելէն ետք, 1918ին թրքական պետութիւնը կը նկրտէր արեւելահայութիւնն ալ բնաջնջել եւ քարտէսի վրայէն ջնջել Հայաստանն ու հայ անունը:
Համաշխարհային Ա․ պատերազմի վերջաւորութեան կը ստորագրուէր Պրեսթ-Լիթովսքի հաշտութեան դաշնագիրը Թուրքիոյ եւ Կեդրոնական ուժերուն միջեւ, որով Ռուսիա պարտաւորուած էր իր գրաւած արեւելեան Անատոլուի նահանգները պարպել, ինչպէս նաեւ Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի շրջանները յանձնել պարտեալ Թուրքիոյ:
Ռուսիոյ մէջ սկսած էր պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը եւ ռուս համայնավարներ թուրքերուն հետ կը ծրագրէին հաշտութիւն կնքել: Օգտուելով իրերու այս կացութենէն, թուրքեր շարժման մէջ դրին իրենց վերակազմեալ բանակը՝ հայութեան մնացորդացը ջարդելու եւ Հայաստանը գրաւելով` իրագործելու համաթուրանական իրենց երազը:
Մինչ Ռուսիա զբաղած էր իր ներքին քաղաքացիական կռիւներով, Կովկասի ազգերը՝ հայեր, վրացիներ եւ թաթարներ (ատրպէյճանցիներ), Փետրուար 1918ին կազմեցին Կովկասեան Դաշնակցային Հանրապետութիւնը (Սէյմը), որ դժբախտաբար քանի մը ամսուան մէջ պառակտուեցաւ եւ կազմալուծուեցաւ, որովհետեւ զայն կազմող երեք ազգերը իրենց շահերով եւ զգացումներով իրարու ներհակ, սկսած էին ծածուկ դաւեր նիւթել իրարու դէմ: Թաթարները կրօնքով մահմետական ըլլալով, կը ջանային դիւրացնել թուրք բանակներու Ատրպէյճան ներխուժումը՝ իրականացնելու համար համաթուրանական իրենց ծրագիրը: Վրացիները, թէեւ կրօնակից հայերու, կը տենչային հողային գրաւումներ կատարել ի վնաս հայերուն: Անոնք կ՛աշխատէին ապահովել Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիոյ հովանաւորութիւնն ու ճանաչումը իրենց հիմնելիք նոր պետութեան: Ի տես այս կացութեան թրքական բանակը կը յառաջանար եւ կը գրաւէր Կարսն ու Ալեքսանդրապոլը (Գիւմրին): Մինչ այդ, վրացիք անկախութիւն կը հռչակէին Մայիս 26ին: Օր մը ետք, Մայիս 27ին, Ատրպէյճան եւս կը յայտարարեր իր անկախութիւնը: Հայերը ստիպուած էին առանձին կռուելու թուրքերուն դէմ:
Թուրքերը ուրախ էին յայտարարուող այս ազգային անկախութիւններով, որովհետեւ, այս ձեւով Կովկաս իր կապերը կը խզէր ռուսերուն հետ եւ Թուրքիա կրնար իր ուզածը ընել: Թուրք կառավարութիւնը կրնար նոյնիսկ կործանել Արեւմտահայաստանը:
Թուրքերը գինովցած իրենց ռազմական յաջողութիւններէն՝ յառաջացան դէպի Երեւան: Անոնց թնդանօթները միայն եօթը քիլոմեթր հեռու էին մայրաքաղաքէն: Օրհասական այս ճգնաժամին մէջ, հայութիւնը բոլորովին ձգուած էր իր ճակատագրին: Հայ ժողովուրդին առջեւ ցցուած էր «լինել-չլինելու», կենաց եւ մահու գոյամարտը: Ան կը կռուէր թուրքերու դէմ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէյի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ:
Հայ ժողովուրդը, իր բոլոր խաւերով, մեծով ու պզտիկով, արհեստաւորով ու արհեստավարժով, բանուորով ու եկեղեցականով թիկունք կեցաւ հայոց տասը հազարնոց բանակին՝ դուրս շպրտելով իր դարաւոր թշնամին եւ իր պապերու հողերուն մէկ մասին վրայ հիմնեց հայկական պետութիւն մը: Մեր հերոսական ժողովուրդը իր մոխիրներէն յառնած ու իր մոխիրներուն վրայ աշխատեցաւ կերտել իր հայրենիքը: Ասիկա ոչ միայն հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը վկայող, այլ նաեւ հայութիւնը իր մեծ տեսլականով ներշնչող մղոնաքար մը հանդիսացաւ:
Արդարեւ, Մայիս 28, 1918ին, Թիֆլիսի մէջ, հայոց Ազգային Խորհուրդը, որ աչալուրջ կը հետեւէր դէպքերուն, հռչակեց Հայաստանի անկախութիւնը, հանրապետական վարչաձեւով: Այսպէսով, պարտուած թշնամին կը ճանչնար Հայաստանի ազատ ու անկախ հանրապետութիւնը․ նոյնպէս դրացի եւ հեռաւոր ազգեր կը ճանչնային հայոց նոր պետութիւնը: Այնուհետեւ, Հայաստան կը դառնար ազգերու ընտանիքին մէկ անդամը:
Չափազանց դժուար երկունքով ծնած նորածին Հայաստանը նոյնչափ դաժան մանկութիւն մը ունեցաւ՝ դիմագրաւելով ներքին եւ արտաքին թշնամիներ, սով, հիւանդութիւն, տնտեսական եւ ռազմական մարտահրաւէրներ: Բայց, ի հեճուկս այդ բոլորին, հիւանդ ծնած երեխայի վիճակ ունեցող այս նորածին պետութիւնը շուրջ երկու տարուան մէջ երկիրը բարեշրջման ճամբու մէջ դրաւ: Մայիս 28, 1918ի ազատ եւ անկախ Հայաստանը 12,000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունէր: Տարի մը ետք, ան ունեցաւ 70,000 քառ. քիլոմեթր տարածութիւն: Իսկ համաձայն 10, Օգոստոս 1920ին ստորագրած Սեւրի դաշնագրին, Հայաստանը պիտի դառնար շուրջ 160,000 քառ. քիլոմեթր տարածութեամբ երկիր մը:
Աւելին, այդ դառն ու դժնդակ օրերուն, հայ ժողովուրդը եւ իր ղեկավարութիւնը կեանքի կոչեցին կրթական հաստատութիւններ մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան. հիմնեցին մասնագիտական դպրոցներ մանկավարժական, արուեստագիտական, երաժշտական եւ զինուորական ճիւղերու մէջ. ստեղծեցին շուրջ 12,000նոց հայկական բանակ մը ղեկավարութեամբ փորձառու եւ համալսարանաւարտ զինուորականներու:
Այո, այս նորափթիթ պետութիւնը որոշ չափով իրականացուց հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը, որն էր ունենալ իր կորսնցուցած հայրենիքը, համախմբուիլ այնտեղ եւ սկսիլ ստեղծագործ աշխատանքի՝ իր բաժինը բերելով մարդկային քաղաքակրթութեան եւ յառաջդիմութեան:
Ամէն տարի, Մայիս 28ին հայ ժողովուրդը կը տօնէ իր ազատութեան եւ անկախութեան տարեդարձը, իր ազատ եւ անկախ ըլլալու տեսլականը, որ կու գայ մեր անցեալէն եւ որ արմատացած է հայ հոգիներուն մէջ: Ան վկայութիւնն է հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու եւ գոյատեւելու կամքին:
Մայիս 28ը նաեւ խորհրդանիշն է մեր բռնագրաւուած պատմական հողերու վերատիրացումին: Ան ներշնչարանն է հայրենի հողի կանչին: Ան իմաստութեան կանչն է, որ ազատ ու անկախ հայրենիք կը կերտուի միայն ու միայն ժողովուրդի վճռական որոշումով, անսահման զոհողութիւններով եւ քաղաքական հասունութեամբ:
Այո՛, Մայիս 28ը խորհրդանիշն է հայուն ազատատենչ հոգիին եւ ներշնչման աղբիւրը գալիք սերունդներուն: