Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իզմիրի մէջ, EFES-2024 բազմազգ զօրավարժութիւններու ծիրին մէջ, «Բարձրաստիճան դիտորդի օր» կոչուող նախաձեռնութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է գիտակցի, որ «իր ապագան կապուած է տարածաշրջանի երկիրներուն հետ», եւ առաջին հերթին պէտք է ձերբազատի «երրորդ երկիրներու եւ արտերկրի հայկական սփիւռքի վատ ազդեցութենէն»:
Ան ընդգծեց, որ «ղարաբաղի ազատագրումէն» ետք տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորուած է «կայուն խաղաղութիւն հաստատելու իսկապէս պատմական կարելիութիւն»:
«Այս կարելիութիւնը պէտք չէ փախցնել: Հայաստան պէտք է ձերբազատի արտերկրի մէջ երրորդ երկիրներու եւ իր սփիւռքի վնասակար ազդեցութենէն, այդ մէկը ալ աւելի պիտի մօտեցնէ խաղաղութեան (Ատրպէյճանի հետ): Բացի այդ, հայ ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, որ ապագան կապուած է տարածաշրջանի երկիրներուն, դրացիներուն, որոնց հետ գոյատեւած է դարերով եւ պիտի շարունակէ գոյակցիլ ապագային ալ: Հայաստան նաեւ պէտք է քաջութիւն ունենայ՝ ընելու ամէն ինչ այդ նպատակներուն հասնելու համար», դիտել տուաւ Էրտողան: