
Ռուսահայ յայտնի գիտնական եւ քաղաքական գործիչ հայազգի Արթուր Չիլինկեարով 84 տարեկանին կնքեց իր մահկանացուն։ Ան ծնած էր 1938ին, Լենինական (Գիւմրի) մէջ։
Բեւեռախոյզ Արթուր Չիլինկեարով ունէր փրոֆեսէօրի կոչում եւ անդամ էր Ռուսիոյ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Ռուսիոյ խորհրդարանին։
Չիլինկեարով արժանացած էր Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կողմէ պատուոյ կոչումներու եւ շքանշաններու։