
Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման համար միջնորդներ Քաթար, Եգիպտոս եւ Միացեալ Նահանգները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ «Համաս»ին եւ Իսրայէլին կոչ ուղղեցին` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ճշդած սկզբունքներուն հիման վրայ համաձայնութիւն մը կնքելու:
«Այդ սկզբունքները բոլոր կողմերուն ալ պահանջները կը միախմբեն գործարքի մը մէջ, որ բազմազան շահերու կը ծառայէ եւ կրնայ անմիջապէս վերջ տալ Կազայի բոլոր բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ պատանդներուն եւ անոնց հարազատներուն երկարատեւ տառապանքին», յայտնեցին անոնք` աւելցնելով. «Այս համաձայնութիւնը մնայուն զինադադարի եւ ճգնաժամին վերջ տալու ճամբու քարտէս կը ներկայացնէ»:
Պայտընի՝ երեք մասերէ բաղկացած առաջարկը պիտի սկսի վեցշաբաթեայ զինադուլով, որուն ընթացքին իսրայէլեան ուժերը դուրս պիտի գան Կազայի բնակեցուած տարածքներէն եւ պիտի կատարուի իսրայէլացի եւ պաղեստինցի գերիներու փոխանակում:
«Համաս»ը յայտարարեց, որ առաջարկը «դրական» կը նկատէ:
«Ասիկա իսկապէս վճռորոշ պահ է: «Համաս»ը կ՛ըսէ, թէ կ՛ուզէ զինադադար հաստատել: Այս գործարքը կարելիութիւն է` ապացուցելու, թէ արդեօք անոնք իսկապէս այդ կ՛ուզեն: Զինադադարը պիտի արտօնէ աւելի շատ մարդասիրական օգնութիւն հասցնել շրջափակուած տարածքը` 600 բեռնակառքերով ամէն օր օգնութիւն տեղափոխելով Կազա», ըսաւ Պայտըն:
Սպիտակ տան ազգային ապահովութեան հաղորդակցութիւններու խորհրդատու Ճոն Քըրպի «Էն.Պի.Սի.»ին յայտնեց հետեւեալը. «Կը նախատեսենք, որ եթէ «Համաս»ը առաջարկին պաշտօնապէս համաձայն գտնուի, Իսրայէլ պիտի համաձայնի»:
Սակայն, Պայտընի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, Իսրայէլի մէջ անոր առաջարկին շուրջ բուռն վէճ յառաջացաւ: Իսրայէլի վարչապետի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու աւագ խորհրդական Օվիր Ֆոլք բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ»ին յայտնեց, որ Պայտընի ճառը «քաղաքական» է եւ աւելցուց, թէ Իսրայէլ առաջարկը ընդունած է, թէեւ գերիները ազատ արձակելու եւ «Համաս»ը ոչնչացնելու անոր պայմանները չեն փոխուած:
Իսրայէլի ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ Նեթանիահուի խորհրդատուին խօսքը կը փաստէ, որ Իսրայէլ իրողապէս ընդունած է առաջարկուած գործարքը` աւելցնելով, որ եթէ Իսրայէլ Պայտընի առաջարկած գործարքէն ետդարձ կատարէ, այդ պիտի նշանակէ «առեւանգեալները մահուան դատապարտել եւ Միացեալ Նահանգներուն եւ միջնորդներուն հետ վստահութեան տագնապ ստեղծել»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլացի գերիներու ընտանիքները յայտնած են, որ այս առիթը կարելի չէ փախցնել, եւ Նեթանիահու պէտք է Միացեալ Նահանգներու նախագահի առաջարկին աջակցի: 120 հազար իսրայէլացիներ Թել Աւիւի մէջ ցոյց կատարեցին` պահանջելով ընդունիլ Պայտընի առաջարկը:
Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ցիփի Լիվնի իր կարգին յայտնեց, որ Պայտընի առաջարկը «կատարեալ չէ, սակայն առաջարկուող ընտրանքներուն մէջ լաւագոյնն է»` աւելցնելով. «Պատանդները վերադարձնելը ազգային հարց է», եւ իսրայէլեան հասարակութիւնը պիտի չկարենայ «այդ վէրքին տոկալ, եթէ անոր պատճառը կառավարութեան մէջ ծայրայեղականներ են»: