(ԾՆՆԴԵԱՆ 140ԱՄԵԱԿ)
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ կան դէմքեր, որոնք ոչ միայն հերոսութիւններ կատարած են կամ հսկայական աշխատանք տարած են կամ ինքնազոհութեան գնով անմահացած են, այլ նաեւ իբրեւ կերպարներ իրենց անջնջելի հետքը ձգած են կուսակցութեան վրայ թէ՛ գաղափարականօրէն թէ՛ կազմակերպականօրէն։ Այդ կերպարներուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Դրաստամատ Կանայեանը, ժողովուրդին կողմէ ճանչցուած իբրեւ «Դաշնակ Դրօ»ն։
Ծնած է 1884 Մայիսին, Սուրմալու գաւառի Իգդիր քաղաքը։ Տան մէջ տիրող հայկական մթնոլորտը կը ձեւաւորեն անոր հայեցի ներաշխարհը։ Ծնողքը զինք կը ղրկէ դպրոց, սակայն ան հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր ուսման հանդէպ։ Յաճախ փախուստ տալով դպրոցէն, կը թափառի զօրանոցներու շուրջ, դիտելով զինուորական մարզումները։ Ճարահատեալ, ծնողքը զինք կը տեղափոխէ Երեւանի «Կիմնազիա» դպրոց։ Խանդավառուած ֆետայիներու քաջութիւններէն, ան դպրոցին մէջ կը հիմնէ երիտասարդական խումբ մը՝ ռուսական կայսրութեան դէմ։
1903ին Դրօ գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Հայ եկեղեցւոյ գոյքերու բռնագրաւման օրէնքին դէմ կատարուող ցոյցերուն։ Ապա կը սկսի զբաղիլ զէնքի եւ զինամթերքի փոխադրութեամբ, Սուրմալուով դէպի Արեւմտեան Հայաստան։ Նոյն տարուան ամրան, Դաշնակցութեան հրահանգով, ան կ՛ահաբեկէ մատնիչ Մարտիրոսը, որ հակառակ իր ստացած ծանր վէրքերուն չի մահանար։ Դրօ իբրեւ ամբաստանեալ կը ձերբակալուի, սակայն քանի մը օր ետք ազատ կ՛արձակուի։ Այս դէպքէն ետք, կուսակցութեան որոշումով ան կը հեռանայ Սուրմալուէն դէպի հիւսիսային Կովկաս եւ կը զինուորագրուի ռուսական բանակին։
1905ին Պաքուի մէջ կը սկսին հայ-թաթարական կռիւները, որոնք անմիջապէս կը տարածուին կովկասեան գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ Երեւան, Թիֆլիս, Նախիջեւան, Շուշի եւ այլն։ Այս կռիւներուն լուրը իմանալով, ան փախուստ կու տայ զօրամասէն եւ կը միանայ Պաքուի դաշնակցական խումբին, Նիկոլ Դումանի հրամանատարութեան տակ։ Կարճ ժամանակ մը ետք արդէն պարզ կը դառնայ, թէ այս կռիւները կազմակերպողը ռուսական կառավարութիւնն էր եւ նահանգապետ Նակաշիձէն կը հրահրէր թաթար ամբոխը կոտորելու հայութեան։ Նիկոլ Դումանի որոշումով, երիտասարդ Դրոն օր ցերեկով կ՛ահաբեկէ նահանգապետ Նակաշիձէն։
Այս դէպքէն ետք, ան կ՛անցնի Երեւան, ապա Նախիջեւան եւ Սիւնիք ու կը մասնակցի այդ շրջաններու ինքնապաշտպանական կռիւներուն, որոնց ընթացքին երեւան կու գան անոր քաջութիւնն ու ռազմական հմտութիւնները։
1914ին, երբ կը սկսի Համաշխարհային Ա․ պատերազմը, Կովկասի մէջ Դաշնակցութիւնը կը ձեռնարկէ կամաւորական գունդերու կազմութեան, որոնք ռուսական բանակի կողքին կռուելով պիտի ազատագրէին Արեւմտեան Հայաստանը։ Դրօ կը նշանակուի երկրորդ գունդի հրամանատար։ Սակայն պատերազմի սկզբնաւորութեան իսկ, Դեկտեմբեր ամսուն, կը վիրաւորուի եւ կը տեղափոխուի Թիֆլիսի զինուորական հիւանդանոց։
Կը պատմուի, թէ Դրոյի սխրագործութիւններու մասին լսելով, անոր կ՛այցելէ Նիքոլայ Բ․ ցարը, եւ զայն կը պարգեւատրէ շքանշանով ու կը հարցնէ անոր, թէ ո՞ւր սորված է զինուորական արուեստը. «Յեղափոխութեան մէջ», համարձակօրէն կը պատասխանէ Դրոն։
Ապաքինուելով, Դրօ կը միանայ իր գունդին եւ 1915 Մայիսին առաջինը կ՛ըլլայ, որ կը մտնէ Վան, ազատագրելով Վասպուրականը եւ փրկելով դիմադրողները։
1918ի Մայիսին ան կը ստանձնէ Բաշ Ապարանի հրամանատարութիւնը եւ Մայիս 23-27 տեւող հերոսական կռիւներով, հայկական զօրքերը ոչ միայն կը կասեցնեն թրքական 13,000անոց արշաւող բանակը, այլ նաեւ մեծ ջարդ կու տան անոր։
Առաջին հանրապետութեան շրջանին, Դրօ քիչ մը ամէն տեղ է։ Ան կը ղեկավարէ հայկական բանակը վրացիներու դէմ պատերազմին եւ մաքրելէ ետք Լոռին, կը պատրաստուէր քալել Թիֆլիսի վրայ։ Անգլիացիներու միջամտութեամբ, զինադադար կը յայտարարուի։
Դրօ նաեւ մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ երկիրէն ներս անդորրութիւն հաստատելու ջանքին մէջ։ Ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նախ Սիւնիքի ապա Արցախի ազտագրման կռիւներուն։ Հայ-թրքական պատերազմին կը ստանձնէ Սուրմալուի ճակատի պաշտպանութիւնը զոր կը վարէ յաջող կերպով եւ միայն Կարսի անկումէն ետք ակամայ կը նահանջէ։ Անկախ Հայաստանի վերջին կառավարութեան մէջ ան կը ստանձնէ զինուորական նախարարի պաշտօն։ 1920 Դեկտեմբեր 2ին Հայաստան կը խորհրդայնանայ եւ շուրջ մէկ ամիս ետք Դրօ կ՛աքսորուի Մոսկուա, ուր կը մնայ մինչեւ 1925։ 1925ին կը յաջողի անցնիլ Փարիզ եւ աւելի ուշ՝ Ռումանիա։ 1933ին, Դաշնակցութեան 12րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ, որուն մաս կը կազմէ մինչեւ իր մահը։
Համաշխարհային Բ․ պատերազմին, Դրօ կազմելով 812րդ գումարտակը, կը գործակցի գերմանացիներուն հետ, նպատակ ունենալով Գերմանիոյ կողմէ գրաւուած երկիրներու հայորդիները փրկել, ինչպէս նաեւ գերմանական բանակին ձեռքը ինկած հայ ռազմագերիները ազատել։ Դրոյի այս յանդուգն գործակցութիւնը Գերմանիոյ հետ, շատ քննադատուած է մանաւանդ Խորհրդային Հայաստանի կողմէ, սակայն փաստ է որ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ապրող տասնեակ հազարաւոր հայեր եւ հայ գերիներ փրկուած են Դրոյի շնորհիւ։
Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, ան կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ եւ կը զբաղի գաղութներու եւ կուսակցութեան կազմակերպման խնդիրներով։ 1950ականներուն ան կ՛այցելէ Միջին Արեւելքի գաղութները եւ ի վերջոյ ան աչքերը կը փակէ 1956ի Մարտ 8ին, Պոսթընի մէջ եւ կը թաղուի այնտեղ։ Աւելի ուշ, 2000 Մայիս 28ին, անոր աճիւնները վերայուղարկաւորուեցան եւ ամփոփուեցան Ապարանի ճակատամարտին նուիրուած յուշահամալիրին մէջ։
Դրօ իր զօրաւոր անհատականութեան շնորհիւ յաջողեցաւ հոն, ուր ուրիշներ նահանջներ արձանագրեցին։ Իր կամքին եւ հմուտ ռազմագիտութեան շնորհիւ յաղթեց հոն, ուր ուրիշներ պարտութիւններ արձանագրեցին։ Ան անպարտելի զօրավարի հռչակ ձեռք բերած էր եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ վերջ, իր ամբողջ կարողականութիւնը նուիրելով Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։
Ան կը մնայ Դաշնակցութեան հարուածող բազուկի խորհրդանիշը։