Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, 5 Յունիսին արձագանգելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի օր մը առաջ կատարած յայտարարութեան՝ թէ «ո՛չ մեր, ո՛չ իրենց Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարց Երեւանի ու Պաքուի միջեւ բանակցութիւններում չկայ», հաստատեց, որ հակառակը ճիշդ է, եւ որ Հայաստանի Սահմանադրութեան, իրաւական արձանագրութիւններուն մէջ, նաեւ՝ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այլ փաստաթուղթերու մէջ դրացի երկիրներուն, որոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ կան:
«Այս հարցին մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ զուգահեռներ կատարելու փորձերը հեռու են իրականութենէն եւ անընդունելի են», յայտարարեց ան հունգարացի իր պաշտօնակիցին հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
«Յայտնի փաստ է, որ այս հարցը երբեմն-երբեմն բարձրացուած է: Հայկական հասարակութեան մէջ այդպիսի քննարկումներու առկայութիւնը կը վկայէ, որ ինքնին հայկական պետութիւնը եւ հասարակութիւնը կ՛ընդունին, թէ այդ փաստերը վնասակար են իրենց համար», ըսաւ Պայրամով:
Աւելի կանուխ, Պաքու յայտարարած էր, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի քննարկման սկիզբէն իսկ հայկական կողմին կոչ ուղղած են՝ «վերջ դնելու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններուն, որոնք ներկայ են Սահմանադրութեան, զանազան օրէնքներու եւ որոշումներու մէջ»:
Նախագահ Ալիեւ եւս այդ մէկը նախապայման նկատեց խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան։ Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստան նաեւ պէտք է հրաժարի ազգային խորհրդանիշներուն մէջ Արարատ լեռը պատկերելէ:
Պայրամով 5 Յունիսի նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին եւ ըսաւ, որ անիկա կը ներառէ նաեւ սահմանի հատուածներու սահմանազատումը եւ սահմանագծումը:
«Մենք միտքեր փոխանակեցինք Ատրպէյճանի բռնագրաւուած 4 գիւղերը ազատելու դրական ազդեցութեան մասին՝ երկու կողմերուն միջեւ գործընթացին վրայ», ըստ «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութեան, ըսաւ Պայրամով՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան յանձնառու է խաղաղ գործընթացին: «Մեր կողմէ մենք պատրաստ ենք ձեռնարկելու յաջորդ անհրաժեշտ քայլերուն», յայտարարեց Պայրամով։
Ան նաեւ հաստատեց, որ օրեր առաջ Հայաստանէն ստացած են խաղաղութեան պայմանագիրի նոր նախագիծը, եւ՝ «աւելի քիչ հարցեր մնացած են, որոշ կէտերու մէջ նկատելի է դրական կշռոյթ մը»։