Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը տեղեկացնէ, որ 6 Յունիսին Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ոսկեպար համայնքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից տարածքին մէջ ականի մը պայթումին պատճառով վիրաւորուեցաւ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու սահմանապահ վերակարգի պայմանագրային զինուոր Նարեկ Սերգոյի Գարեգինեան (2000ի ծնունդ):
Նարեկ Գարեգինեանի կեանքը վտանգի մէջ չէ: Ան կը գտնուի հիւանդանոցը: