Ազգութեամբ հրեայ գրող եւ Նոպէլեան մրցանակակիր Էլի Ուիզել Ֆիլատելֆիա լոյս տեսնող հրէական Philadelphia Jewish Voice, թերթին (Հոկտեմբեր 28, 2007) տուած իր հարցազրոյցին մէջ կ’ակնարկէ Հայկական Ցեղասպանութեան, ընդգծելով, թէ ինք չի կրնար ուրանալ այդ փաստը՝ տրուած ըլլալով, որ ինք իր ամբողջ կեանքին ընթացքին պայքարած է ի խնդիր ճշմարտութեան:
Պատասխանելով հարցումի մը, թէ Թուրքիա արդեօք պատասխանատուութիւն պէտք չէ՞ կրէ Ցեղասպանութեան համար, Ուիզել կը փութայ ըսելու. «Ոչ ոք թուրքերէն պատասխանատուութիւն կը պահանջէ», թէ 7 սերունդ անցած է արդէն եւ ոչ մէկ խելքը գլուխը մարդ կրնայ ըսել, թէ այսօրուան թուրքերը պատասխանատու են եղածին եւ կ’աւելցնէ, թէ թուրքերը շատ բան կը շահին, եթէ պարզապէս ճանչնան «պատահածին մասին իրականութիւնը»: Ուիզել ապա (եւ հոս է մեր բուն խնդիրը իր հետ) իբրեւ համայն հայութեան ինքնակոչ բանբերը, կ’ըսէ, թէ «հայերը հատուցում չեն ուզեր, անոնց պահանջածը նոյնիսկ ներողութիւն չէ, այլ՝ կ’ուզեն յիշելու իրաւունքը ունենալ»:
Շուէտի արքայական ակադեմիայէն Նոպէլեան մրցանակ ստացած այս գրողը արդեօք ինչպէ՞ս ինքն իրեն իրաւունք վերապահած է խօսելու հայութեան անունով, արդեօք ո՞վ զինք լիազօրած է բնութագրելու-բանաձեւելու հայութեան պահանջները (որոնք, ի դէպ, ըստ Ուիզելի, «յիշելու իրաւունք»ին չափ աննշան բաներ են…):
Թէ հայերը ինչ կ’ուզեն, որմէ ինչ կը պահանջեն, Ուիզել ինք չէ, որ պիտի ճշդէ ու որոշէ: Հաճելի չէ եւ ոչ ալ արդար, որ ան ինքզինք տեսնէ դատաւորի պատմուճանի մէջ:
Միաժամանակ, շատեր կրնան մտածել, որ Նոպէլեան մրցանակակիրը դրական արտայայտութիւններ ունեցած է հայութեան մասին եւ պէտք է քաջալերել զինք: Խնդիր չունինք, սակայն արդեօ՞ք հասած ենք արդէն այն կէտին, ուր մէկու մը պէտք է շքանշաններ տալ պարզապէս ճշմարտութիւնը խօսած ըլլալուն համար: Հասա՞ծ ենք հոն, ուր ճշմարտախօսութիւնը շքանշանի արժանի առաքինութիւն սկսած է նկատուիլ: Այնպէս որ, եթէ Ուիզել ճշմարտութիւնը խօսած է Հայկ. Ցեղասպանութեան մասին, պարզապէս կ’ամրապնդէ իր հոգիին ներքին անդորրը:
Սակայն երբ կը յաւակնի բնութագրել-բանաձեւել հայութեան պահանջները կամ ձգտումները, ի՛ր իսկ ներքին անդորրը եւ խիղճը կը խանգարէ: Իսկ եթէ համոզուած չէ ասոր, մեզի կը մնայ քաղաքավարօրէն իր էջը դարձնել եւ առաջ անցնիլ: