Կլենտէյլի քաղաքապետ Էլեն Ասատրեան 11էն 20 Յունիսի կ՛այցելէ, Հայաստան՝ մասնակցելու համար Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպած «Ամերիկա-Հայաստան Տեղական ժողովրդավարութիւն» հաւաքին։
Այցելութեան նպատակն է՝ նաեւ զարգացնել երկկողմ յարաբերութիւնները, ուսումնասիրել տնտեսական հնարաւորութիւնները եւ խթանել մշակութային եւ կրթական փոխանակումներ՝ Հայաստանի եւ Կլենտէյլի միջեւ: Ասատրեան բացի Երեւանէն պիտի այցելէ նաեւ Գիւմրի եւ եթէ ժամանակը ներէ, նաեւ՝ Կապան։
Նախատեսուած են հանդիպումներ Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պաշտօնատարներու, լրատուամիջոցներու, գործարարներու եւ համայնքային կազմակերպութիւններու հետ:
Ասատրեան պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու ջանքերուն, քոյր քաղաքներու յարաբերութիւններուն, ժողովրդավարութեան, արդիւնաւէտ կառավարական կառոյցներու, կայունութեան, առեւտուրի, զբօսաշրջութեան եւ արհեստագիտական գործընկերութեան նուիրուած քննարկումներու:
«Ոգեւորուած եմ վերադառնալու իմ ծննդավայր Հայաստան՝ որպէս Գլենդելի քաղաքապետ, որտեղ բնակւում է Հայաստանից դուրս հայերի ամենամեծ համայնքը, որը կազմում է մեր քաղաքի բնակչութեան մօտաւորապէս 40 տոկոսը», յայտնեց Ասատրեան։