
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը դոկտ. Սիւզի Օհանեանը նշանակեց Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէն:
Դոկտ. Օհանեան դոկտորականի իր տիտղոսը ստացած է կրթական ոլորտին մէջ, «Քափէլա» համալսարանէն՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ կարգերու դասածրագիրի եւ դասաւանդման մասնագիտութեամբ: Ան նաեւ ունի երկու մագիստրոսի վկայականներ արուեստի եւ մանկավարժութեան մարզերուն մէջ, «Ֆենիքս» համալսարանէն եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն:
«Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը վստահ է, որ դոկտ. Օհանեան յարմարագոյն թեկնածուն է այս պաշտօնին կոչուելու եւ կը հաւատանք, որ ան իր առաջնորդի կարողութիւններով եւ ղեկավարի իմաստութեամբ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը պիտի հասցնէ նոր յաջողութիւններու», այս առիթով հաստատեց Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան։
Դոկտ. Օհանեան Ազգային վարժարաններու մէջ երկար տարիներու աշխատանքային փորձառութիւն եւ վաստակ ունի: Ան քսան տարիներ դասաւանդած է Շամլեան Ազգային վարժարանին մէջ՝ իբրեւ առաջին կարգի ուսուցչուհի: Ապա, ան Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին մէջ ծառայած է իբրեւ նախակրթարանի բաժինի վարիչ եւ աւելի ուշ՝ օգնական տնօրէն: 2022ին, դոկտ. Օհանեան ստանձնեց Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը:
Պէտք է յիշել, թէ դոկտ. Օհանեան իր կրթական ուղին հարթած է բծախնդրութեամբ, բացառիկ աշխատասիրութեամբ: Ան նուիրումով եւ ազնուութեամբ ծառայած է հայ կրթական հաստատութիւններու, միշտ հաւատալով ուսման ու հայեցի կրթութեան առաքելութեան: Ան առաւել քան երեսուն տարիներ իր լաւագոյնը տուած է հայ վարժարանին՝ հաւատալով, որ որակեալ կրթութիւնը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը անքակտելի կերպով շաղախուած պէտք է ըլլան մեր վարժարաններուն մէջ:
«Խնամակալ մարմինը դարձեալ կ՛ողջունէ դոկտ. Օհանեանը Ազգային վարժարաններու մէջ: Ան երկար տարիներ ծառայած է ազգային վարժարաններու մէջ, գործի լծելով իր կրթական եւ վարչական հմտութիւնները: Առ այդ, քաջ կը գիտակցինք, թէ այս անգամ ալ ան պիտի նաւարկէ խաղաղութեամբ եւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանը պիտի առաջնորդէ վեհ շունչով՝ դէպի նոր տեսլականներ», յայտնեց Սարգիս Ուրֆալեան՝ աւելցնելով. «Լիայոյս ենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի օրհնութեամբ, Ազգային վարչութեան, Խնամակալ մարմինին, տեղական պատկան մարմիններուն, ինչպէս նաեւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի Կրթական մարմինին եւ ուսուցչական կազմին աջակցութեամբ՝ դոկտ. Օհանեան հայ դաստիարակի ամբողջական գիտակցութեամբ պիտի կատարէ իրեն վստահուած հայ դպրոցի ղեկավարման կարեւոր պարտականութիւնը»:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի մեծ ընտանիքին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ