Դժգոհելով շուրջ ամիս մը առաջ, Ատրպէյճանի մէջ Պելոռուսի նախագահին յայտարարութենէն՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ 13 Յունիսէն սկսեալ, դէպի Պելոռուս հայկական կողմի պաշտօնական այցելութիւնները կը դադրին: Այս մասին Փաշինեան յայտարարեց ներքաղաքական լարուածութեան պայմաններուն մէջ արձագանգելով կառավարութեան ծրագիրը տապալելու մասին ընդդիմութեան պնդումներուն:
«Բելառուս այլեւս երբեք ես չեմ այցելի քանի Բելառուսում նախագահ է Ալեքսանդր Լուկաշենկոն: Եւ ընդհանրապէս յայտարարում եմ, որ այս պահից Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ մի պաշտօնական ներկայացուցիչ Բելառուս չի այցելի», ըսաւ Փաշինեան, որուն ելոյթէն վայրկեաններ ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ տուն կը կանչէ Պելոռուսի մօտ Հայաստանի դեսպանը՝ խորհրդակցութիւններու համար: Ժամեր ետք, Մինսք եւս համարժէք կերպով արձագանգեց՝ տուն կանչելով Հայաստանի մօտ իր դեսպանը, նոյն ատեն ընդգծելով, որ չեն պատրաստուիր Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները վատթարացնել:
«Մենք երբեք ոչինչ ըրած ենք մեր ընկերները վնասելու համար, չենք խառնուիր ներքին գործերուն, կը յարգենք հայ ժողովուրդը եւ առաջնորդները, որոնք իսկապէս կը մտածեն երկրի ապագային եւ ժողովուրդին բարեկեցութեան մասին», նշեց Պելոռուսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անաթոլի Կլազ:
Տասնամեակներով նոյն կազմակերպութիւններուն անդամակցած Հայաստանի եւ Պելոռուսի միջեւ դիւանագիտական այս ճգնաժամէն առաջ՝ նախորդ Մայիսի կիսուն, Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկեց 2020ի պատերազմը եւ այն, թէ ինչպէս իրենք ժամանակին հաւատացին Ատրպէյճանի յաղթանակին: Իբրեւ պատասխան՝ Նիկոլ Փաշինեան պնդեց, որ 44օրեայ պատերազմի նախապատրաստութեան մասնակցած են ՀԱՊԿի անդամ առնուազն երկու պետութիւններ, մէկը՝ ինքնին Պելոռուսը:
«Դրանից յետոյ ես պէտք է գնամ Բելառուսի նախագահի հետ ՀԱՊԿ ֆորմատում (ձեւաչափով) նստեմ հարց քննարկե՞մ, բա դուք չէ՞ք, որ խօսում էք արժանապատուութիւնից, սկզբունքայնութիւնից եւ այդպէս շարունակ, չնայած նաեւ իրավիճակ կայ, որ ԵԱՏՄում ու ԱՊՀում ինչ-որ առումով ստիպուած եմ լինելու», նշեց Փաշինեան:
Ան ըսաւ, թէ ինք 4 տարիէ ի վեր՝ 2020ի պատերազմէն ետք, կը փորձէ այս այս փաստը բացատրել մարդոց: Մինչդեռ ընդամէնը մէկ տարի առաջ, Փաշինեան շնորհաւորեց Պելոռուսի նախագահը՝ անկախութեան օրուան առիթով եւ պնդեց, թէ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Պելոռուսի ջանքերը ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն երկու երկիրներու շահերուն:
Մինսքէն Փաշինեանի յայտարարութիւնները նկատեցին դրդիչ՝ պնդելով, որ այսպիսով, Փաշինեան կը փորձէ շեղել ուշադրութիւնը ներքին հարցերէն:
«Մենք բոլորս կը տեսնենք, թէ որքան բարդ է ներքաղաքական իրավիճակը Հայաստանի մէջ, որքան արագ կը սրի առճակատումը երկրին մէջ, եւ տարբեր մարդիկ, անշուշտ, տարբեր դիմադրողականութիւն ունին ճնշուածութեան նկատմամբ: Այս մէկը կրնանք հասկնալ, բայց չենք հասկնար, թէ ի՛նչ կապ ունի Պելոռուսը», յայտնեց Պելոռուսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: