ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱԶԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻՆ` ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԽՈՂՈՎԱԿՈՎ, ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՃԱՄԲՈՎ
Եւրոպական Միութիւնը կը փափաքի, որ դէպի Ուքրանիա երկարող ռուսական խողովակաշարերով եւրոպական երկիրներ հոսի ոչ թէ ռուսական, այլ ատրպէյճանական կազը: Ալիեւի վարչակազմը այս առաջարկը ներկայացուցած էր արդէն Պրիւքսէլին։ Այս մասին կը գրէ «Politico» թերթը:
Եւրոպական կարգ մը երկիրներ ռուսական կազ կը ստանան Ուքրանիայէն անցնող ռուսական խողովակաշարերով` Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ նոյնիսկ պատերազմի պայմաններուն մէջ գործող երկկողմ համաձայնագիրի ծիրին մէջ: Սակայն,այդ պայմանագիրին ժամկէտը այս տարեվերջին կ՛աւարտի, եւ թէ՛ Քիեւ, թէ՛ Պրիւքսէլ կը յայտարարեն, որ մտադիր չեն երկարաձգելու գործարքը` փորձելով ուժանիւթի հոսքերը պահպանելու այլընտրանքային ուղիներ գտնել:
Մինչ այդ, ըստ նախորդ տարուան տուեալներուն, Ուքրանիայէն անցնող խողովակաշարերով, որոնք կը միացնեն Լեհաստանը, Սլովաքիան, Հունգարիան, Ռումանիան եւ Մոլտովան, արտածուած է շուրջ 15 միլիառ խորանարդ մեթր ռուսական կազ: Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներ հաւատացած են, որ ռուսական ուժանիւթի պաշարներու այլընտրանք կայ. տարբերակներէն մէկը ատրպէյճանական ծագման կապոյտ վառելիքն է, որուն շուրջ միութիւնը արդէն քննարկումներու սկսած է Պաքուի հետ: Այս տեղեկութիւնը «Politico»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Այս պահուն մենք կը սերտենք զանազան տարբերակներ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ներդրումը ունենալ այդ գործընթացին մէջ», աւելցուց Հաճիեւ` նոյն ատեն հրաժարելով յստակ ժամկէտներ նշել. ան միայն հաստատեց, որ Պաքու լուրջ մօտեցում ունի Պրիւքսէլի խնդրանքին, որովհետեւ անիկա կը վերաբերի «եւրոպական ուժանիւթի ապահովութեան»:
Պաքուի եւ Պրիւքսէլի միջեւ կազի վերաբերող վճռորոշ բանակցութիւններուն մասին նախորդ օրերուն գրած էր նաեւ «Bloomberg» թերթը, սակայն, կարեւոր հարցումի պատասխանը յստակ չէ` արդեօք սահմանափակ ուժանիւթի պաշար ունեցող Ատրպէյճան ի վիճակի՞ է ապահովելու պահանջը, թէ ռուսական կազէն հրաժարող Եւրոպային Պաքու մտադիր է վերավաճառել ռուսական վառելանիւթը:
Այսպիսի կասկածներ յառաջացան, երբ յայտնի դարձաւ, որ Ատրպէյճան համաձայնագիր կնքած է ռուսական «Գազպրոմ»ի հետ՝ ռուսական վառելանիւթ ստանալու համար: ICIS վերլուծական կեդրոնի կազի շուկաներու հարցերու փորձագէտ Աուրա Սապատուս «Politico»ին ըսաւ, որ յստակ է, թէ որեւէ գործարք, ըստ ամենայնի, Մոսկուային եկամուտ պիտի ապահովէ եւ «վերջին հաշիւով Ռուսիա պիտի շահի»։
Ուքրանիոյ մէջ երրորդ տարին ըլլալով աւերիչ պատերազմ մղող Փութինի վարչակազմին ֆինանսական մեծ եկամուտներէ զրկելու, Ռուսիայէն Եւրոպայի ուժանիւթի կախեալութիւնը նուազեցնելու կամ ռուսական կազատարներէն բոլորովին հրաժարելու մտադրութեան ծիրին մէջ, Պրիւքսէլ սկսաւ Ատրպէյճանի հետ ամրապնդել ուժանիւթի կապերը:
Ատրպէյճանէն յաւելեալ կազ ստանալու համար, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն Տեր Լայեն 2022ին անձամբ մեկնած էր Պաքու: Բանակցութիւններու աւարտին, եւրոպացի պաշտօնատարներ գոհունակութեամբ յայտարարեցին, թէ Ալիեւի հետ գործարքը թոյլ պիտի տայ կրճատելու Եւրոպայի կախեալութիւնը Ռուսիայէն, եւ Պաքու պարտաւորուած է մինչեւ 2027 կրկնապատկել Եւրոպային մատակարարուող կազի ծաւալը` զայն հասցնելով տարեկան առնուազն 20 միլիառ խորանարդ մեթրի:
Բռնապետ առաջնորդին հետ Եւրոպայի համաձայնութիւնը քննադատեցին ոչ միայն միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցներ, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան օրէնսդիր մարմինը: Պրիւքսէլ չվերանայեցաւ որոշումը՝ նոյնիսկ Պաքուի նոր պահանջներէն ետք:
Financial Times-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետով յայտարարեց, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը կը փափաքի, որ Ատրպէյճան կատարէ Եւրոպական Միութեան հետ կնքուած ուժանիւթի համաձայնագիրի դրոյթները, պարտաւոր է ներդրումներ կատարելու խողովակաշարներու ընդլայնման նպատակով եւ երաշխաւորելու ատրպէյճանական կազի գնման պայմանագիրներու երկարաժամկէտ բնոյթը:
Արեւմտեան յառաջատար պարբերականնեը ցարդ չյաջողեցան Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն յստակ պատասխան մը ստանալ` արդեօք այդ երկրի պաշարները եւ ենթակառուցուածքները արդէն թոյլ կու տա՞ն մօտալուտ ապագային ռուսական վառելանիւթէն հրաժարող եւրոպացիներուն ատրպէյճանական այլընտրանք մը առաջարկել:
Յունուարէն Մայիս 2024, Ատրպէյճան 6.2 միլիառ տոլարի նաւթ արտածած է աշխարհի երկու տասնեակ երկիրներ: Սպառող երկիրներու հրապարակուած ցանկին վրայ առաջին դիրքին վրայ է Իտալիա, երկրորդ՝ Իսրայէլ, երրորդ` Հնդկաստան, այնուհետեւ Չեխիա եւ Գերմանիա:
Նաւթի արտածման ծաւալները եւ գումարները հրապարակած է «Ապա-էքոնոմիսթ»ը՝ վկայակոչելով մաքսային պետական կոմիտէի տուեալները: