Վատիկան կատարած իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին, որուն նպատակը Վատիկանի Արեւելեան եւ Գրիգորեան համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տալ էր, Արամ Ա. կաթողիկոսը յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի հետեւեալ բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ.
ա) Վատիկանի վարչապետը նկատուող քարտինալ Փարոլինի բացակայութեան, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար քարտինալ Քալաղըրի հետ: Քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները եւ Ատրպէյճանի մօտ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու հարցը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:
բ) Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ քարտինալ Քոխի հետ: Անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ յատկապէս կաթոլիկ եկեղեցւոյ ու արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան:
գ) Արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու բաժանմունքի պատասխանատու քարտինալ Կիւճերոթիի հետ: Քննարկուեցաւ միջին արեւելեան երկիրներու մէջ հաստատուած կաթոլիկ եկեղեցիներու եւ ուղղափառ ու բողոքական եկեղեցիներու գործակցութիւնը եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան վերաբերող հարցեր: Դարձեալ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի ժողովուրդին միջազգային հովանաւորութեամբ վերադարձին եւ Ատրպէյճանի մօտ գտնուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման:
դ) Հաւատք եւ դաւանանք բաժանմունքի պատասխանատու քարտինալ Ֆերնանտէզի հետ: Քննարկուեցաւ աստուածաբանութիւնը վերարժեւորումի ենթարկելու կարեւորութիւնը՝ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: