ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ ՇԻՐԱՃԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի գեղարուեստին մէջ, 17րդ դարէն սկսեալ հանդէս կու գան նոր տեսակի կատարողներ՝ աշուղներ:
Աշուղը կը հանդիսանայ երգի մը թէ՛ բառերուն եւ թէ՛ երաժշտութեան հեղինակը: Ան օժտուած կ՛ըլլայ հաճելի ձայնով եւ նուագելու ունակութեամբ:
18րդ դարու հայ աշուղական արուեստի բնագաւառի մէջ կը յայտնուի մեծ աստղ մը՝ Սայաթ Նովա, որ իր բանաստեղծական հանճարին ուժով հայ ժողովրդական աշուղական երգը կը հասցնէ համաշխարհային բարձրագոյն աստիճանին:
Սայաթ Նովա՝ աւազանի անունով Յարութիւն Սայաթեան, ծնած է Թիֆլիս, 14 Յունիս 1712ին: Անոր աշուղական ծածկանունը պահլաւերէն կը նշանակէ երգի որսորդ: Սայաթ կը նշանակէ որսորդ, իսկ Նովա՝ երգ:
Ան մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Թիֆլիսի մէջ: 12 տարեկանին կը մտնէ արհեստի աշխարհը եւ կը սորվի ջուլհակութիւն, ապա կ՛ամուսնանայ լոռեցի Մարմար անունով երիտասարդուհիի մը հետ, եւ անոնք կ՛ունենան չորս զաւակներ՝ Մելիքսէթ, Օհան, Սառա եւ Մարիամ:
30 տարեկանին, Սայաթ Նովա արդէն Կովկասի մէջ հռչակաւոր աշուղ-բանաստեղծ էր: Ան կը սկսի ճամբորդել հեռաւոր երկիրներ, մինչեւ՝ Հնդկաստան: Ան 15 տարի կը մնայ Վրաստանի պալատին մէջ, հմայելով բոլորը իր ստեղծագործութիւններով, որոնց գլխաւոր աղբիւրը Աննա իշխանուհին կը թուի ըլլալ:
Սայաթ Նովա եղած է սքանչելի քամանչա նուագող մը եւ մանաւանդ իր քաղցր ձայնով դարձած է Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին ընտրեալը՝ պալատին մէջ տեղի ունեցած խրախճանքներուն համար: Ան կը դառնայ թագաւորին մտերիմը, նոյնիսկ խորհրդականը, բայց ան այդ պալատին կամարներուն տակ սիրային խորհրդաւոր մեծ տրամ մը կ՛ապրի:


ՍԻՐՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Աննան, Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին քոյրն էր, որ ամուսնացած էր Կէորկ Օրբելի իշխանին հետ: Ըստ երեւոյթին, Աննան եւս անտարբեր չէ եղած Սայաթ Նովայի նկատմամբ:
Կը պատմուի, թէ Հերակլ Բ. թագաւորը, կասկածելով այս սիրոյ պատմութենէն՝ կ՛որոշէ արտաքսել Սայաթ Նովան իր պալատէն, 1765ին:
Վրաց թագաւորին հրամանով, Սայաթ Նովա կը դառնայ Կախէթ գիւղին ծխատէրը՝ Ստեփան քահանան: Կնոջ մահէն ետք, ան զաւակները ձգելով՝ կը քաշուի Հաղբատի վանքը եւ հոն կ՛ապրի իբրեւ կուսակրօն աբեղայ:
Ան կ՛ըսէ.
«Բրինձ էի, գարի լինելն ինչի՞ս էր պէտք:
Ես աղաւնի, լորի լինելն ինչի՞ս էր պէտք:
Աշխարհական էի քահանայանալն ինչի՞ս էր պէտք:
Մի հարցնող լինի աբեղայ դառնալն ինչի՞ս էր պէտք»:
Վանականի իր հանգամանքով, սակայն, չի կրնար զսպել իր աշխարհական ապրումները եւ մանաւանդ իր սէրը քամանչային հանդէպ:
ՎԱԽՃԱՆԸ
1795ին, աղա Մահմետ խան Ղաճարի արշաւանքի օրերուն, Սայաթ Նովա կը զոհուի եւ կը թաղուի Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ բակը:
«Սայաթ Նովան մինչեւ հիմա կախարդել է ինձ եւ չեմ կարող ելնել երեւակայական դիւթանքից», ըսած է Աւետիք Իսահակեան:
Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան մեծ արուեստագէտ Սայաթ Նովա ախոյեան եղած է հաւասարութեան եւ պայքարած է դասակարգային խտրականութեան դէմ: Ան նիւթականը արհամարհելով՝ նուիրուած է սիրոյ եւ մարդկային սրբութիւններուն: Մեզի անորմէ հասած են առաւել քան 230 երգեր: Անոր խօսքերը ժողովրդային առածներու վերածուած են. մանաւանդ խիստ քննադատութիւնները՝ ժողովուրդը կողոպտող կեղեքիչներու հասցէին: Ճիշդ է որ ան կեանքը սիրած է, բայց եղած է ժուժկալ, հեռու գռեհկութենէ եւ ֆիզիքական հաճոյքները սանձարձակ երգելէ:
Յովհաննէս Թումանեան «վիթխարի» որակումով բնորոշած է Սայաթ Նովայի արուեստը՝ ըսելով. «Մի ամբողջ ժողովուրդի պարծանքն է Սայաթ Նովան, անմաշ ու անմահ: Ով նրան լսեց, ով նրան սիրեց, էլ չի դադարիր սիրելուց:»
Սայաթ Նովա հայ աշուղական երգը հասցուց միջազգային բարձրութեան: Ի զուր չէ որ ռուս նշանաւոր բանաստեղծ գրող Վալերի Պրուսով ըսած է. «Նովայի պէս բանաստեղծով մը կրնայ հպարտանալ եւ պէտք է հպարտանայ ամբողջ ժողովուրդ մը»:


«ՆՌԱՆ ԳՈՅՆ»Ը
1967-1968 թուականներուն, Սերգէյ Փարաճանով բեմադրեց «Սայաթ Նովա» շարժապատկերը, որ փոփոխութիւններու ենթարկուելէ ետք, 1970ին կը մկրտուի «Նռան Գոյնը» խորագիրով. անիկա նուիրուած է բանաստեղծի հոգեւոր կեանքին:
ՎԱՐԴԱՏՕՆԸ
Ամէն տարի, Մայիսի վերջին Կիրակին, Թիֆլիսի մէջ տեղի կ՛ունենայ Սայաթ Նովայի յիշատակին նուիրուած «Վարդատօնը», որ կը նշուի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող աշուղի գերեզմանին մօտ: Այս տօնակատարութեան հիմքը դրած են Յովհաննէս Թումանեան եւ Գէորգ Բաշինջաղեան, 1914ին: Այս տօնին մասնակցողները կարմիր վարդեր կը դնեն մեծ աշուղի շիրիմին, եւ կ՛ունկնդրեն անոր ստեղծագործութիւնները:
ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱ ՊՈՂՈՏԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի կեդրոնի ամէնէն բանուկ պողոտան կը կրէ անոր անունը:
Ո՞վ չի սիրեր այդ պողոտան, ուր կը գտնուի «Անի» հիւրանոցը, Տիկնիկային թատրոնը, Օփերայի շէնքը, Կարապի լիճը եւ մարդոց եռուզեռը:
Նշենք նաեւ Սայաթ Նովայի յուշաղբիւրը, որ կը գտնուի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին եւ Սայաթ Նովայի երաժշտական դպրոցին դիմացի պուրակին մէջ, տեղադրուած 1963ին:
Այսօր, 3 դարեր ետք, տակաւին կը հնչեն մեր հանճարեղ աշուղին երգերը, տարբեր ոճերով՝ դասական կամ արդիական:
Սայաթ Նովա կ՛ապրի մեզի հետ, իսկ մենք կ՛ապրինք իր երգերով:
Չկայ իր նմանը: