ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի չորս արեւմտամէտ քաղաքական կուսակցութիւններ տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարեցին, որ կառավարութեան պիտի առաջարկեն ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կազմակերպել հանրաքուէ մը՝ նպատակ ունենալով հայցել ժողովուրդին կարծիքը շատ կարեւոր, անկիւնադարձային, երկրին ապագայ քաղաքական ճանապարհը ընտրելու որոշում տալու համար.
Դէպի Եւրոպական Միութիւ՞ն, թէ ոչ: Պարզապէս այսքանը. անոր արդիւնքէն կախեալ պիտի ըլլայ կառավարութեան կողմէ առնուելիք շարք մը որոշումներ, ինչպէս՝ մնա՞լ ՀԱՊԿի, ԵԱՏՄի եւ այլ կառոյցներու մէջ, թէ դուրս գալ:
Ինչո՞ւ այդ քաղաքական կուսակցութիւնները կ՛ուզեն այդքան արագ, մինչեւ չորս ամիս իրականացնել այդ հանրաքուէն: Իսկ եթէ անոր արդիւնքը ըլլայ դէպի Եւրոպական Միութիւն որոշումը. չէ՞ որ երկիրներու ճակատագիրը եթէ անպայման անոնց աշխարհագրութենէն կախեալ չէ, սակայն այնքան ալ հեռու չէ անկէ: Իրականութիւնը այն է, որ մեր երկիրը մաս կը կազմէ հարաւային Կովկասի, որ Ռուսիոյ կողմէ կը նկատուի իր ազդեցութեան գօտիի ծիրին մէջ եւ շատ կարեւոր՝ անոր ազգային ապահովութեան համար։ Սակայն, մենք ալ մեր ազգային շահերէն եւ մեր ազգային ապահովութեան դիտանկիւնէն դիտելով, պէտք է հետամուտ ըլլանք անհրաժեշտ քաղաքականութեան, որուն համար մեր համապատասխան մասնագիտական մարմինները պարտին ուսումնասիրել եւ վերլուծել, թէ ի՛նչ ճակատագիր կը սպասէ Ռուսիոյ, աշխարհակարգի ներկայիս ընթացող փոփոխութիւններու լոյսին տակ, առանց զանց առնելու նաեւ այն բոլոր վտանգները, որոնց դէմ յանդիման կրնանք գտնուիլ, եթէ հանրաքուէին արդիւնքը ըլլայ ի նպաստ Եւրոպական Միութեան մեր արեւելումին:
Ռուսիոյ մասին խորաթափանց ուսումնասիրութիւն մը պիտի յայտնաբերէ անոր ներկայիս ապրած ճգնաժամին հինգ ռազմավարական հարցերը:
1. Արբանեակ պետութիւններու կորուստը. յետ-խորհրդային աշխարհակարգը խլեց Մոսկուայէն ոչ միայն կեդրոնական Եւրոպայի իր արբանեակ երկիրները, այլ նաեւ Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւնները: Երկու տասնամեակներու ընթացքին, սովետական կայսրութեան հպատակ բոլոր արեւմտեան հանրապետութիւնները՝ Էսթոնիա, Լաթուիա, Լիթուանիան, Լեհաստան, Չեխիա, Սլովաքիա, Հունգարիա, Ռումանիա եւ Պուլկարիա միացան Հիւսիսային Ատլանտեան ռազմական ուխտին՝ ՆԱԹՕին եւ Եւրոպական Միութեան: Անոնց սպառազինութիւնը մէկ օրէն միւսը յայտնուեցաւ Ռուսիոյ հակառակորդ ճամբարին մէջ:
2. Սահմանները. Խորհրդային Միութեան փլուզումով, Մոսկուա կորսնցուց իր տարածքին շուրջ մէկ երրորդը եւ նախկին ընդհանուր բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը, մինչ իր սահմաններուն երկայնքը նոյնիսկ աւելի շատ երկարեցաւ:
3. Պաշտպանողականութիւնը. Ռուսիոյ սահմանները, անկախացումովը Պալթեան երկիրներուն, որոնք ՆԱԹՕի անդամ երկիրներ են, իսկ Կարպատեան լեռնաշղթան, որ անոր հարաւ-արեւմտեան բնական պատուարը՝ արդէն 1200 քլմ. հեռու իր սահմաններէն, շատ աւելի դժուար պաշտպանելի դարձան, քան՝ նախապէս: Այդ պաշտպանողականութիւնը աւելի թուլացաւ, երբ Ֆինլանտա եւ Շուէտ միացան ՆԱԹՕին, այդպիսով Ռուսիան շրջապատելով մինչեւ հիւսիսային բեւեռը:
4. Մարդուժ. իր նուազող ժողովրդագրական պատկերին եւ Խորհրդային Միութեան բնակիչներու կորուստին հետ, Ռուսիոյ մէջ թմրամոլութեան եւ հիւանդութիւններու բարձր մակարդակին պատճառով, երկիրը պաշտպանելու ատակ մարդոց թիւը 1989ի թիւին մէկ հինգերորդն է, իսկ 2016ի հետ համեմատած՝ կէսը: Այս իրավիճակը կ՛ենթադրէ, թէ անիկա կարողութիւնը չունի այլեւս պաշտպանելու իր արդէն նոյնիսկ առաւել երկարած պետական սահմանները:
5. Արհեստագիտութիւնը. նուազող մարդուժով Ռուսիա կարողութիւնը չունի ռազմական արհեստագիտութիւնը զարգացնելու եւ արեւմտեան չափանիշներուն համապատասխան որակով արտադրելու:
Այս հարցերուն վրայ կու գայ աւելնալու ռուսական ռազմական մարտավարութիւնը, որ ժառանգաբար հիմնուած էր նաեւ ոչ ռուս զինուորներ զոհելով յառաջ երթալուն վրայ: Այդ մէկը այլեւս անկարելի է մարդուժի պակասին պատճառով: Ռուսիա այլեւս խոցելի է եւ որեւէ ճակատէ ներխուժման մը պարագային, իր միակ պաշտպանական զէնքը միջուկայինն է:
Ռուսիոյ տնտեսութիւնը հիմնուած է ընդերքի հարստութիւններուն վրայ՝ կազ, քարիւղ, ածուխ, ցորեն, պողպատ, ալիւմինիում, ադամանդ, փայտ, պղինձ, փլաթինում, պարարտացուցիչներ եւ սառած ձուկ: Այս բոլորը կարելի դարձած է արտածել այլ երկիրներ բացառապէս Ամերիկայի պարտադրած աշխարհակարգին շնորհիւ: Անոր դրացիական յարաբերութիւնները 1939ի ժամանակաշրջանէն առաւել լաւ չեն: Ճափոն, Չինաստան, Իւզպեքիստան, Իրան, Թուրքիա, Ֆրանսա, Լեհաստան, Գերմանիա, Անգլիա, Շուէտ եւ Ֆինլանտա տակաւին գոյութիւն ունին եւ անոնց մեծ մասը ՆԱԹՕի անդամ են հետեւաբար ուղղակի Ռուսիոյ հետ առճակատումէն դադրած: Ռուսիոյ տարածքին ամէնէն խիտ բնակեցուած մասը իր արեւմտեան մասն է, որ կ՛երկարի հիւսիսէն հարաւ, իսկ որքան հարաւ՝ այդքան ժողովրդագրական աճ կայ, սակայն, ո՛չ ռուս տարրերու աճ, ոչ ալ պատմականօրէն ռուսական հողերու վրայ, այլ՝ թրքական ծագումով այլ ժողովուրդներու աճ՝ չեչէններ, ինկուշներ, տաղստանցիներ, թաթարներ, բաշկիրներ եւ ուրիշներ, որոնք աճի աւելի բարձր մակարդակ ունին, քան՝ ռուսերը:
Այս ժողովուրդներուն մէջ չեն դադրած անկախութեան ձգտումները, իսկ զանոնք զարթօնքի մղելու ծրագիրները միշտ ալ կրնան վերակենդանանալ, վկա՛յ ռուս-չեչէնական պատերազմները: Ռուսական անծայրածիր տարածքները ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուին նուազող բնակչութեամբ:
Ըստ 2010ի մարդահամարի արդիւնքներուն՝ 1990էն ետք, Ռուսիոյ 11,000 փոքր աւաններ, որոնց միացեալ բնակչութիւնը առաւել քան մէկ միլիոն էր, բոլորովին լքուած են։ Նայինք Ռուսիոյ քարտէսին. Չինաստանի հետ սահմանակից սիպերիական տափաստանները՝ կը գտնենք միայն բնիկ ռուսերը, փակած թրանս-սիպերիական երկաթուղիին, իսկ անկէ հեռու՝ անմարդաբնակ է: Սահմանին հանդիպակաց չինական կողմը, կ՛ապրին առաւել քան 10 չինացիներ ռուսական կողմի իւրաքանչիւր ռուս անձի դիմաց: Նոյնիսկ սովետական օրերուն, աւանդական դիրքային հակադրութիւն մը անիմաստ էր եւ ռուսերուն պէտք եղաւ չինացիներուն սպառնալ միջուկային հարուածով՝ զանոնք հանդարտեցնելու համար: Ռուսիոյ կեդրոնական ասիական ճակատն ալ նոյնպէս պաշտպանելի չէ. հոս թէեւ ժողովրդագրական պատկերը նոյնքան սպառնական չէ ինչպէս չինական սահմանին վրայ, թերեւս մէկ ռուսի դիմաց կան 3-4 կեդրոնական ասիացիներ, սակայն, ռուսական կողմի բնակիչները բնիկ ռուսեր չեն եւ մաս կը կազմեն թրքական ցեղերուն (Russia’s Turkic Belt): Միայն մէկ ցամաքային հաղորդակցութեան միջանցքով (թրանս-սիպերիական երկաթուղի), որեւէ թշնամի պետութեան ներխուժման եւ այդ երկաթուղին խոցելու պարագային, Սիպերիան կը դառնայ մեկուսացուած: Ռուսերուն համար այդ շրջաններուն հեռաւորութիւնը Մոսկուայէն եւ անոնց նօսր բնակչութիւնը ի նպաստ իրեն է, որովհետեւ ներխուժող բանակին համար ալ այդ հսկայ եւ անմարդաբնակ տարածքներով յառաջանալը դժուար է, առաւել՝ այդ տարածքներուն թրքացեղ ժողովուրդներուն իրարու հանդէպ հակադրութիւնները, օրհնութիւն են Մոսկուայի համար: Այդ երկիրներէն միայն Իւզպեքիստան կրնայ իր կամքը պարտադրել թրքացեղ միւս հանրապետութիւններուն վրայ եւ դառնալ շրջանային մեծ ուժ, սակայն անապատային եւ դատարկ հսկայ տարածքները անոր համար դժուար յաղթահարելի են եւ կարողութիւնը չունի Ռուսիոյ սպառնալիք ըլլալու: Կը մնայ կովկասեան ճակատը. այդտեղ ամրակուռ է աշխարհագրութիւնը, սակայն, բարդ թրքացեղ ժողովուրդներուն պատճառով, եւ հարաւի երեք երկիրներէն՝ Վրաստան եւ Հայաստան, ոչ մէկ սպառնալիք են մինչ Ատրպէյճան կ՛ուզէ Ռուսիոյ հետ հարց չունենալ: Վտանգը Թուրքիան եւ Իրանն են, որոնք առայժմ ունին իրենց սեփական ներքին հարցերը: Ուրեմն, իր անմիջական ներքին գլխացաւանքը Ռուիոյ թրքացեղ ժողովուրդներն են:
Այսպիսի ոչ-յուսատու, անորոշ եւ մութ ապագայի հեռանկար մը կը սպասէ Ռուսիոյ, որուն հետ կապուածութիւն ունին մեր տնտեսական, մշակութային եւ ապահովութեան բազմաթիւ հարցերը, եւ որուն աւերակներուն տակ մնալու վտանգին դէմ յանդիման պիտի գտնուինք անոր փլուզման պարագային, հետեւաբար, խելամիտ ռազմավարութիւն է մեր հզօրացման միտող աշխատանքները, զուգահեռ այլընտրանքային աշխարհաքաղաքական քաղաքականութիւն վարելուն եւ դաշնակիցներու ընտրելուն: Այդ քաղաքականութեան կտրուկ փոփոխութեան համար, անշուշտ պէտք ունինք մեր ժողովուրդի համաձայնութեան, որուն համար կ՛առաջարկուի կազմակերպել յիշեալ հանրաքուէն, որ, սակայն, ունի իր մէջ պարփակուած վտանգ մը, զոր պէտք է նկատի առնել նախքան անոր կազմակերպումը: Գաղտնիք չէ որ հայրենի հայութեան թերեւս մեծամասնութիւնը ունի Ռուսիոյ մէջ արտագնայ աշխատանքի համար ընտանեկան պարագաներ, որոնք այնտեղ աշխատելով՝ իրենց ընտանիքի ապրուստը կը հոգան, հետեւաբար, մեծ հաւանականութիւն կայ, որ անոնք թելադրեն իրենց ընտանիքներուն, դէմ քուէարկել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան: Այդ պատճառով, թերեւս գերազանց քարոզչական եւ լուսաբանական աշխատանքներ պէտք են՝ բացատրելու համար այն վտանգները, որոնց դէմ յանդիման կրնանք գտնուիլ, դէպի արեւմուտք սլացող գնացքին մէջ նետուելու ուշացման պարագային:
Դէպի Պրիւքսէլ գնացքը երկար չի կրնար սպասել: