ԾՈՎԻՆԱՐ Ղ. ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Շաբաթ, 1 Յունիսին, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ Հայ վարժարանի եզրափակիչ հանդէսը վերածուեցաւ հայրենասիրական շէնշող փառատօնի մը, ուր ելոյթ ունեցան 4 տարեկանէն 16 տարեկան աշակերտներ՝ ոգեւորիչ երգերով, ասմունքով, հայկական պարերով, կենդանի պատկերներու ներկայացումով մը եւ թատրերգական բեմադրութեամբ մը: Մէկ խօսքով, շնորհիւ նուիրեալ եւ տաղանդաշատ ուսուցչական կազմին՝ ամավերջի հանդէսը տօնախմբութիւն մըն էր յանուն Երեւանի փառաբանութեան:
Հանդիսութիւնը բացին աւագ դասարաններու աշակերտները՝ ասմունքելով հատուածներ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Հէյ Ջան Երեւան»էն, Միքայէլ քհնյ. Կիւրեղեանի եւ Լուսինէ Ադամեանի ղեկավարութեամբ:
Երբ վարագոյրը դարձեալ բացուեցաւ, արդէն կազմ ու պատրաստ շարուած էին երկու մատիկ հասակ ունեցող աշակերտները, Երեւանի մեծ պատկերին եւ հրապարակի լուսաւոր կամարներու առաջ: Փոքրիկները կատարեցին «Հայրենիքից Անուշ», «Հայրենի Երկիր» բանաստեղծութիւնները եւ «Ե – Ե – Ե – Երեւան» եւ «Իմ Երեւան» երգերը՝ Արփի Արբաճեանի, Ազատունի Մուրատեան եւ Սեդա Քելեշեան Վելասքեզի ղեկավարութեամբ. անոնք իրենց կողքին ունէին ժրաջան օգնական Նայիրի Զաքարեանը:
Ընդունուած է ըսել. «Փոքրիկները ինչ ալ ընեն, համով են». Հակառակ անոր որ ասիկա բացարձակ ճշմարտութիւն է, այս փոքրիկներուն կայտառութիւնը եւ անսխալ ելոյթը ապշեցուցին ներկաները եւ մեծ ուրախութիւն սփռեց սրահին մէջ: Ապա ներկայացուեցաւ «Երեւանի Մեր Թաղը» թատերական կենդանի պատկերը, որ բաղկացած էր երկու արարներէ՝ Երեւանի խումբ մը մայրերու մտերիմ եւ հաճելի զրոյցները իրենց զաւակներուն հետ ու Երեւանի գլխաւոր արձաններու եւ կոթողներու արարը: Պատկերները հեղինակած եւ բեմադրած էին Անի Գէորգեան եւ Հեղինէ Յակոբեան: Թատերական այս գողտրիկ կտորը համալրելու համար, իրենց մասնակցութիւնը բերին Արթուր Կոպյակովի աշակերտները եւ երեք դասարանները միասնաբար ներկայացուցին «Երեւանում Տօն Է» եւ «Իմ Սրտի Մայրաքաղաք» երգերը: Հանդիսատես ծնողներէն եւ հիւրերէն շատերը պահ մը մտովի իրենց ծննդավայրը փոխադրուեցան, երբ իրենց առջեւ ներկայացուեցան երեւանեան առօրեան բնորոշող կենդանի պատկերներ՝ համեմուած դրացիներու զրոյցներով: Երեւանի տեսարանը գրգռեց շատերու կարօտաբաղձութիւնը, յատկապէս՝ մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն սիրտերը թրթռացին՝ տեսնելով իրենց թոռներու հրաշալի ելոյթները:
Զարինէ Սուքեասեանի, Մարիա Անթեքելեանի եւ Արթուր Կոպյակովի աշակերտները միասնաբար ներկայացուցին «Երեւան Մեր Երեւան», «Դուն Տեսա՞ծ Ես Երեւանը», «Մեր Սիրելի Երեւան» եւ «Այստեղ Եմ Ծնուել» բանաստեղծութիւնները եւ երգերը, իսկ Զարինէ Սուքեասեանի դասարանը առանձնացած՝ ներկայացուց «Զբօսանք Երեւանում» պարային թատերական պատկերը, որուն յաջորդեց Լուսինէ Ադամեանի, Նատիա Պարսամեանի, Հիլտա Աճիլաճօղլուի եւ Միքայէլ քհնյ. Կիւրեղեանի աշակերտներուն ելոյթը, ներկայացնելով՝ «Ես Ձեր Սիրտի Մայրաքաղաքն Եմ» եւ «Երեւան. Լուսաւոր Քաղաք» պատումներէն, ինչպէս նաեւ «Երեւանը Մենք Ենք» եւ «Իմ Երեւան» երգերը:
Հանդէսի բոլոր երգերը սորվեցուցած էր վարժարանիս նուիրեալ երգի եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի Սիրվարդ Քաւուքճեան, որ 33 տարիներէ ի վեր կամաւորաբար կը ծառայէ Ս. Պետրոս Շաբաթօրեայ վարժարանին, տարուէ տարի գերազանցելով ինքզինք եւ իր արուեստագիտուհիի տաղանդը եւ մանկավարժական փորձառութիւնը ի սպաս դնելով՝ ոչ միայն այսպիսի յաջող հանդէսներ կը կազմակերպէ, այլ կը յայտնաբերէ եւ կը քաջալերէ տաղանդաւորներ, խոստմնալից աշակերտներ, որոնց շնորհները այլապէս պիտի մնային աննկատ, դատապարտուելով մոռացութեան:
Իսկ Զարինէ Սուքիասեան, իր դասաւանդման կողքին, յօրինած էր բոլոր պարերը եւ մարզած էր աշակերտները, որ ներկայացնէին այդ հրապուրիչ պարերը:
Պարի եւ երաժշտութեան համադրումը հասաւ իր բացարձակ ու կատարեալ հնչեղութեան, երբ վարժարանին աւելի քան 180 աշակերտները բեմ բարձրացան եւ ներկաներուն հետ միաձայնութեամբ երգեցին «Երեւան Էրեբունի»ն եւ միահամուռ կերպով ներկայացուցին աւարտական ճոխ խմբային պարը, որոտընդոստ ծափողջոյններու ալիք մը տարածելով ու կրկնակիօրէն ոգեւորելով հանդիսականները:
Հանդէսի ընդհանուր բեմավարն էր տնօրէնութեան օգնական Րաֆֆի Մելքոնեան, որ իր առիւծի բաժինը բերած էր թէ՛ ծրագրաւորման, թէ՛ համադրման, թէ՛ իրագործման եւ թէ ներկայացման աշխատանքներուն:
Գեղարուեստական յայտագիրին աւարտին, բեմ բարձրացաւ տնօրէնուհի Ծովինար Ղազարեան Մելքոնեան՝ ամավերջի իր սրտի խօսքը արտասանելու եւ վկայականաց տուչութեան արարողութիւնը կատարելու համար: Ան յայտարարեց, թէ այս տարի Ս. Պետրոս Շաբաթօրեայ վարժարանէն շրջանաւարտ եղան երեք աշակերտներ՝ Մելվին Արսլանեան, Մանէ Բալումեան եւ Մելինէ Գէորգեան: Ան բեմ հրաւիրեց նաեւ վարժարանի հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեանը, որ դաստիարակ ուսուցչուհի Լուսինէ Ադամեանի հետ կատարեց վկայականաց բաշխումը, իսկ տնօրէնուհին աշակերտներուն յանձնեց Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը խորհրդանշող մետալներ, որոնց վրայ փորագրուած էին իրենց անունները:
Տնօրէնուհին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին եւ Շաբաթօրեայ վարժարանի լիազօր ներկայացուցիչ Պարգեւ Համալեանին, վարժարանի Ծնողաօժանդակ մարմինի կամաւոր անդամներուն յանձինս՝ Դալար Փափազեանի, Սուզան Աբրահամեանի, Թիլտա Մինասեանի, Նունէ Չօրլուեանի եւ Թալին Դաւիթեանի: Ան երախտիքի խօսք ուղղեց բոլոր ծնողներուն, որոնք իրենց հանգիստի ժամերը կը զոհաբերեն իրենց զաւակները վստահելով հայ դպրոցին:
Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեանի օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ հանդէսի պաշտօնական բաժինը:
Աւարտին, առաւել քան 300 ներկաները երկար մնացին սրահին մէջ, ջերմօրէն արտայայտեցին իրենց յուզումը եւ ուրախութիւնը ի տես իրենց զաւակներուն տպաւորիչ ելոյթներուն, միաժամանակ գնահատանքի ու շնորհակալական խօսքեր շռայլեցին բոլոր դաստիարակներուն եւ կազմակերպիչներուն անխտիր:
Վարձքը կատար անխոնջ մշակներուն՝ հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն:
Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանի վերամուտի թուականը 7 Սեպտեմբեր 2024ն է. արձանագրութիւնները ընթացքի մէջ են, իսկ տեղերը՝ շատ սահմանափակ: