Կիրակի, 16 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց իր անդրանիկ Ս. պատարագը եւ աւուր պատշաճի քարոզեց՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գիւտի եւ Հայրերու տօնին առիթով: Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, սարկաւագներ եւ երգեցիկ խումբը, գլխաւորութեամբ դպրապետ Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, անդամ եւ ծուխի Ազգային երեսփոխան Սարգիս Թաթիկեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Մելքոն Ճիվելէկեան, հարազատներ, բարերարներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Սրբազան հօր հոգեպարար պատգամը կը բաղկանար երկու մասերէ: Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ Գրիգոր Լուսաւորիչի Նշխարաց գիւտի տօնին եւ նշեց, որ այս տօնը ուղղակիօրէն կապ ունի առաջին կաթողիկոս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքներուն հետ՝ դիտել տալով, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարները իւրայատուկ տեղ ունեցան Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ անոր Ս. աջը մնայուն ներգործութեան աղբիւր եւ եկեղեցւոյ իշխանութեան վաւերականութեան խորհրդանիշ հանդիսացաւ:
Միւս կողմէ, առաջնորդը ընդգծեց նաեւ հայրութեան կերպարի կարեւորութիւնը մարդկային կեանքին մէջ եւ վեր առաւ հայրական յատկանիշները՝ իբրեւ գորովագութ ու հոգատար, խնամասէր եւ վեհանձն ու իր ընտանիքին ապահովութեան եւ յառաջդիմութեան երաշխիք ու նոյն ատեն ընդգծեց հոգեւոր հօր կերպարը մարդ արարածի հաւատքի կեանքի մէջ՝ յատկապէս մարդը իր Աստուծոյն մօտեցնելու առումով:
Իր պատգամին աւարտին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը շնորհաւորեց եկեղեցական եւ աշխարհիկ հայրերու եւ մեծ հայրերու տօնը եւ իր սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին:
Այնուհետեւ ան շքերթին հետ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահը եւ հատեց բարի գալուստի կարկանդակը, ապա այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ կարկանդակը ձօնեց Ազգային վարչութեան եւ յարակից մարմիններուն, «որովհետեւ անոնք հայրաբար կը հոգան թեմին ընդհանրական շահերը»: