
ՀՐԱՆՈՒՇ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1930ին, Մուսուլ, Իրաք)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ տալոջ, հօրաքրոջ, մեծ հօրաքրոջ եւ հարազատին՝ Հրանուշ Գասապեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 4 Յունիս 2024ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 25 Յունիս 2024ին, կէսօրէն ետք ժամը 5ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church (Red Chapel) մատրան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr, Los Angeles, CA 90068, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Եղբօր այրին՝ Շուշան Գասապեան
Եղբօր զաւակը՝ Յարութ եւ Արտա Գասապեան եւ զաւակները՝ Նանոր եւ Դալար
Եղբօր զաւակը՝ Վահան եւ Սանտի Գասապեան եւ զաւակները՝ Մարին եւ Սարին
Եղբօր զաւակը՝ Յակոբ եւ Նարեկ Գասապեան եւ զաւակները՝ Երազ եւ Մեղրի
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Athena Restaurant-ի մէջ, 933 N. Brand Blvd, Glendale, CA 91202
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու ֆոնտին։