Հայաստանի եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու 20 Յունիսի պաշտօնական հանդիպումին յաջորդեց «Լիթուանիոյ Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ Եւրոպական Միութեան վերաբերող հարցերու շուրջ համագործակցութեան վերաբերեալ» փոխըմբռնման յուշագիրին ստորագրութիւնը:
Հայաստանի եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու ընդլայնուած կազմով հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հարցերու լայն շրջանակ մը թէ՛ երկկողմ եւ Եւրոպական Միութեան ձեւաչափով համագործակցութեան, թէ՛ տարածաշրջանային նիթերու պարունակին մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան լիթուանացի իր պաշտօնակիցին Կապրիէլիուս Լանտսպերկիսի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, տեւական կայունութեան հաստատման եւ դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին:
«Ինչպէս գիտէք՝ Ադրբեջանի հետ սկսել ենք սահմանազատման գործընթացը, եւ այժմ շատ կարեւոր է ապահովել այս գործընթացի շարունականութիւնը, տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը, քանի որ դա կենսական նշանակութիւն ունի սահմանին խաղաղութեան հաստատման եւ ապագայում ցանկացած սադրանքից խուսափելու համար: Ամենակարեւորն աւարտին հասցնելն է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը: Մենք Ադրբեջանին ուղարկել ենք շատ կառուցողական առաջարկներ, պատրաստ ենք առաջիկայ ամսուայ ընթացքում աւարտուն տեսքի բերել պայմանագիրը, ինչպէս նախկինում առաջարկել ենք: Ցաւօք, ադրբեջանական կողմից առայժմ արձագանգ չկայ: Աւելին, Ադրբեջանը նոր խնդիրներ է առաջ քաշում, ինչն առնուազն հարցեր է առաջացնում մեր տարածաշրջանում իրական խաղաղութեան հաստատման նպատակի առնչութեամբ անկեղծ լինելու հարցում», ըսաւ Միրզոյեան:
Ան խօսեցաւ նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրին մասին՝ ընդգծելով, որ անոր կեանքի կոչումը կրնայ մեծ օգուտներ բերել ոչ միայն տարածաշրջանին, այլ նաեւ անոր սահմաններէն դուրս:
Միրզոյեան յիշեցուց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան սկսան սահմանագծման՝ 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ: «Հիմա շատ կարեւոր է ապահովել այդ գործընթացի շարունակականութիւնը եւ միմեանց տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերահաստատումը: Դա կենսական է՝ ապահովելու սահմանին թափանցիկութիւն եւ խուսափելու ապագայում որեւէ սադրանքից: Առաւել կարեւոր է աւարտին հասցնել խաղաղութեան պայմանագիրը», շեշտեց Միրզոյեան: